
13 Հատորներով Վերապրեցաւ 1900-1910 Թուականներու «Ընդարձակ Տարեցոյց»երու Շքեղ Հաւաքածոն
Ռ. Հ.
Ստորեւ ներկայացուած յօդուածը լոյս տեսած է Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի 26 Մայիս, 2012ի թիւին մէջ, Ռոպէր Հատտէճեանի ստորագրութեամբ: Խմբագրութիւնս շահեկան նկատելով զայն՝ ամբողջութեամբ կը յանձնէ ընթերցողներու ուշադրութեան:
Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը այս օրերուն կը պատրաստուի փառաւոր նորանոր ձեռնարկներով տօնելու իր 180ամեակը։ 2 Յունիս 2012 յառաջիկայ Շաբաթ օր ժամը 17:00ին հիւանդանոցի մէջ պիտի բացուի նոր ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Գթութեան Տան 180 տարուան պատմութեան զանազան հանգրուաններուն։ «Օսմանցիներէն մինչեւ այսօր՝ 180 տարուան պատմութիւն մը» թեմայով այս ցուցահանդէսը առիթ պիտի դառնայ որպէսզի հանրութեան տրամադրութեան տակ դրուի Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի 1900–1910 թուականներու միջեւ հրատարակուած «Ընդարձակ Օրացոյց»երու վերատպուած հաւաքածոն։ Այս հաւաքածոն, որ իրականացաւ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ձեռներէց անդամներէն Արսէն Եարմանի կամքով ու ցուցմունքներով, հինին վրայէն լուսանկարչական բարձր թեքնիքով կատարուած վերատպութեան վրայ աւելցուցած է մէկը հայերէն, միւսը թրքերէն երկու նոր հատորներ եւս, որոնք պատրաստուած են պատրիարքարանէն Սիրվարդ Մալխասեանի ու Հելտա Չաթաքի կողմէ եւ որոնք անուններու, պատահարներու, տեղանուններու ու այլ նիւթերու ցանկը կու տան, ճշդելով թէ ո՞ր տարեցոյցի ո՞ր էջին վրայ յիշուած են այդ անունները։ Այս երկու վերջին հատորները, որոնք կ՛աւելնան 11 հին հատորներու վրայ, յայտնապէս արդիւնք են երկարատեւ խղճամիտ աշխատանքի մը, որու համար մասնաւորաբար կ՛արժէ շնորհաւորել Սիրվարդ Մալխասեանն ու Հելտա Չաթաքը։
Շքեղ ու ոսկեզօծ կազմով վերատպուած այս Տարեցոյցերու հաւաքածոն, որ մեզի կը յիշեցնէ Հալէպի մէջ վերատպուած Թէոդիկի տարեցոյցերը եւ անոնց բովանդակութեան ցանկին համար գրագէտ Լեւոն Շառոյեանի տարած երախտաշատ աշխատանքը, գանձի համարժէք հաւաքածոյ մը կը շահեցնէ մեր գրադարաններուն, մանաւանդ բոլոր անոնց համար, որոնք կը սիրեն պտըտկիլ մեր ազգային ու ընկերային պատմութեան մօտիկ անցեալի էջերուն մէջ։ Կ՛երեւի թէ 1900 թուականէն առաջ ալ հիւանդանոցը ունէր Տարեցոյցի դրութիւն մը, բայց 1900 թուականին որոշուեր է նոր դիմագծութիւն տալ այդ օրացոյցերուն։ Եւ այդ ծրագիրը իրականացնելու ծանր պարտականութիւնը յանձնուեր է այդ շրջանի յայտնի գրագէտ ու պրպտող Հրանդ Ասատուրի։ Առաջին ակնարկով իսկ կրնանք մտածել որ որոշ նմանութիւն մը կայ այս տարեցոյցերուն ու Թէոդիկի Տարեցոյցերուն միջեւ։ Բայց Թէոդիկ իր տարեգիրքերը հրատարակել պիտի սկսի 1907ին, այսինքն Հիւանդանոցի վերոյիշեալ Ընդարձակ Տարեցոյցի նոր հրատարակութենէն 7 տարի վերջ։ Բայց նմանութիւնը հոն է, որ երկուքն ալ իրենց շրջանի պատմութեան ու ժողովրդական ապրումներուն մասին կու տան ծայր աստիճան հետաքրքրական, ժողովրդական ու կարեւոր վկայութիւններ։ Իսկ եթէ անպայման տարբերութիւն պիտի փնտռենք, կրնանք ըսել որ Թէոդիկ աւելի շատ տեղ տուած է գրականութեան, մինչ Հիւանդանոցի Տարեցոյցերը, առաւելաբար զբաղած են ազգային, եկեղեցական ու առողջական հարցերով, նաեւ օրացոյցերով, եւ նշանաւոր հայերու կենսագրութիւններով։ 1900էն մինչեւ 1910, 11 հատորները այս տեսակէտէ լեցուն են շատ թանկագին տեղեկութիւններով, որոնք ամէն տեսակէտէ կրնան օգնական դառնալ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն նայիլ դէպի անցեալ ու պէտք ունին վստահելի աղբիւրներու։ Օրինակ մը տալու համար նշենք 1900 թուականի հատորին մէջ Պոլսոյ եկեղեցիներուն նուիրուած բաժինը, ուր տեղեկութիւններ կը տրուին այդ եկեղեցիներուն մասին։ Բայց այս էջերուն մէջ կը նշուին 42 եկեղեցիներ։ Որո՞նք են ուրեմն այն եկեղեցիները զորս չունինք այսօր։ Կը տեսնենք Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցի մը Գարակիւմրիւքի մէջ, Ս. Ստեփանոս եկեղեցի՝ Խասգիւղի մէջ, Ս. Յակոբ Մծբնայ եկեղեցի Գասըմփաշայի մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի՝ Բերայի մէջ, Ս. Աստուածածին եկեղեցի՝ Համազգային Անկելանոցի շրջագծով, Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցի մը՝ Սթենիայի մէջ, Ս. Նշան եկեղեցի մը՝ Ալեմտաղի մէջ, Ս. Աստուածածին եկեղեցի մը՝ Ազատլըի մէջ, Ս. Յակոբ եկեղեցի մը Զէյթին Պուրնուի մէջ։ Ով որ կը հետաքրքրուի, հիմնական տեղեկութիւններ կրնայ գտնել մեզի անծանօթ այս եկեղեցիներուն մասին։ Եւ տակաւին ինչեր ու ինչեր մեր դպրեվանքերէն, մեր վարժարաններէն եւ այլ ազգային հաստատութիւններէն։
Այս առաջին տարեցոյցին գտած ընդունելութենէն քաջալերուած, Հրանդ Ասատուրի խմբագրական աշխատանքով, հիւանդանոցը թափ տուեր է աւելի ընդարձակ տարեցոյցեր հրատարակելու եւ անոնց մէջ աւելի հարուստ տեղեկութիւններու տեղ տալու աշխատանքի մը։ Օրինակ, 1901ի հատորին մէջ, պարզապէս պատահմամբ յիշած ըլլալու համար մէկը, ըսենք որ շատ կարեւոր բաժին է այն, որ յատկացուած է «Պոլսոյ Հայերու ու անոնց Պատրիարքներուն»։ Այս բաժնին մէջ առաջին պատրիարք Յովակիմէն սկսեալ մինչեւ Յակոբ Սերոբեան պատրիարք, 1858, տրուած են լայն կենսագրականներ ու կատարուած գործերու յիշատակութիւն։ Այս լայն ուսումնասիրութեան հեղինակը վերջաւորութեան կը նշէ, որ 1858էն մինչեւ հատորին հրատարակուած թուականը, այսինքն 1901, հայերը ունեցեր են տասը ուրիշ պատրիարքներ ալ, որոնց մասին կ՛արժէ որ կատարուի ուրիշ ուսումնասիրութիւն մը։
Ոսկեզօծ տառերով ու փառաւոր կազմով այս հատորները ներկայիս ոսկիի համարժէք արժէք ունին մեզի համար եւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ոչ միայն Արսէն Եարմանը, այլ նաեւ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան բոլոր անդամները, գլխաւորութեամբ Պետրոս Շիրինօղլուի, որոնք գնահատած են վերատպութեան աշխատանքին արժէքը ու ընթացք տուած են այս հաւանաբար շատ բազմածախս ձեռնարկին։ 11, առաւել երկու, 13 հատորները իրենց մասնաւոր տուփով անջատ գրադարան մը կը կազմեն եւ մեզի կը ներշնչեն այն յոյսը, թէ Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը պիտի շարունակէ իրականացնել հին միւս օրացոյցերուն կամ տարեգիրքերուն եւս վերատպութիւնը, քանի որ գիտենք թէ Հիւանդանոցը 50ական ու 60ական թուականներուն ալ հրատարակած է շատ արժէքաւոր տարեգիրքեր, որոնց մէջ կը բաբախէր այդ շրջաններու գրական ու մշակութային կեանքի սիրտը։