ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Էյ.Փի.».- Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես «Սի.Էն.Էն.»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին դարձեալ Իրանն ու «Հըզպալլա»ն մեղադրած է անցեալ շաբաթ Պուլկարիոյ մէջ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներուն դէմ կատարուած յարձակումին համար՝ նշելով, որ «Իսրայէլ եւ Իրան բաց պատերազմի մէջ են»:
Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Իրան կը փորձէ վրէժը լուծել իր հիւլէական գիտնականներու սպանութեան, որուն համար Թեհրան կը մեղադրէ Իսրայէլը, Փերեզ ըսած է. «Իսրայէլ այդ սպանութիւններուն համար երբեք պատասխանատուութիւն չէ ստանձնած»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարաստ, անդրադառնալով Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումին, նշեց, որ «ահաբեկչութեան մէջ առաջատարը նկատուող Իսրայէլի ամբաստանութիւնը անընդունելի է»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարար Սթաս Միսժնիքով Պուլկարիոյ հրեայ համայնքին հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ պուլկարական ապահովական մարմինները քանի մը ամիս առաջ կանխարգիլած են ահաբեկչական գործողութիւն մը, որուն թիրախը իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ էին: Ան ըսաւ, որ Պուրկասի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումը պիտի չարգիլէ, որ իսրայէլացիները Պուլկարիոյ կամ աշխարհի որեւէ վայրի մէջ շրջագային:
Իր կարգին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպերման յայտնեց, որ Իսրայէլ տեղեկութիւններ ունի, որ «Հըզպալլա» կը փորձէ քիմիական զէնքեր ստանալ, իսկ Իսրայէլ ատոր իրականացումը պատերազմի յայտարարութեան համազօր քայլ պիտի նկատէ: Ըստ անոր, Իսրայէլ անմիջապէս եւ առանց տատամսումի գործի պիտի լծուի, եթէ «Հըզպալլա» Սուրիայէն քիմիական զէնքեր ստանայ: Ան Եւրոպական Միութեան կոչ ըրաւ «Հըզպալլա»ն ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին մէջ ներառելու: