
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի աշխատաւորական միութիւններու աշխատանքը համակարգող խորհուրդին հրաւէրին ընդառաջելով, պետական մարզի պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու հսկայ թիւ մը մասնակցեցաւ Չորեքշաբթի, Յուլիս 25ին տեղի ունեցած ցոյց-քայլարշաւին, որ սկսաւ Պարպիրի կամուրջէն եւ հասաւ մինչեւ վարչապետարան: Խորհուրդի անդամ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ նման արարքներ կանգ պիտի չառնեն, եթէ կառավարութիւնը իրենց պահանջները չգոհացնէ: Ան շեշտեց, որ անկարելի է վերադառնալ պետական քննութիւնները սրբագրելու աշխատանքին, եթէ կառավարութիւնը չվաւերացնէ ուսուցիչներու աշխատավարձերուն յաւելումները:
Խորհուրդը որոշեց կառավարութեան 10 օրուան պայմանաժամ տալ՝ կատարելու իր խոստումը եւ վաւերացնելու ուսուցիչներուն աշխատավարձերուն յաւելումները, այլապէս անոնք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու:
Միւս կողմէ, Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ՝ վերակենդանացնելու համար ազգային երկխօսութիւնը: «Այս նպատակով ես հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի կատարեմ բոլոր ղեկավարներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել երկրին ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը», ըսաւ ան: Ազգային երկխօսութեան Յուլիս 24ի նիստը յետաձգուած էր մինչեւ Օգոստոս 16, որովհետեւ ընդդիմութիւնը որոշած էր չներկայանալ անոնց:
Նաեւ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանցիներուն համար այս հանգրուանին կարեւոր է հեռու մնալ հետզհետէ վատթարացող շրջանային իրադարձութիւններէն, որոնք ժխտական պայմաններ կրնան պարտադրել, միաժամանակ փորձելով հարցերը լուծել երկխօսութեամբ: