ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ թագաւորական միացեալ ուժերու հիմնարկի հրապարակած զեկուցումին համաձայն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումի պարագային, Արեւմուտքը պէտք է 300 հազարնոց զօրախումբ մը Սուրիա ղրկէ, կացութիւնը հակակշռի տակ պահելու համար: Հիմնարկի փորձագէտներու զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, որ սուրիական վարչակարգի տապալումը կրնայ լայնածաւալ տագնապի պատճառ դառնալ թէ՛ Սուրիոյ մէջ եւ թէ անոր սահմաններէն դուրս:
Արեւմտեան երկիրներու ուշադրութեան կեդրոնը Սուրիոյ քիմիական զէնքի պահեստներն են: Ըստ զեկուցումին, որպէսզի քիմիական զէնքը չյայտնուի ահաբեկիչներու ձեռքը, պէտք է Սուրիոյ մէջ առնուազն 75,000 հոգինոց ուժ տեղակայուի:
«Սուրիա կրնայ պայթիլ, իր խնդիրները տարածելով ամբողջ Միջին Արեւելքի վրայ: Այդ պայթումը կրնայ աղէտի մակարդակի հասնիլ», նշուած է զեկոյցին մէջ: