ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըս գաւառի «Մեթրոլինք»ի վարչութեան ատենապետութիւնը ստանձնելէն ետք իր առած առաջին քայլերէն մէկուն ընթացքին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչ անակնկալօրէն վարչութենէն հեռացուցած էր Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեանը՝ անոր փոխարէն նշանակելով Մարք Ռիտլի Թամսընը:
Նաճարեան, որ վերջին վեց տարիներուն եղած է Լոս Անճելըս գաւառի «Մեթրոլինք»ի վարչութեան անդամ, վարչութենէն հեռացուելու որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում կատարած է՝ որոշումը «մեծ անակնկալ» մը նկատելով:
Իբրեւ իրաւաբան, Նաճարեան կարեւոր ներդրում ունեցած էր «Մեթրոլինք»ի վարչութեան աշխատանքին մէջ, յատկապէս՝ Չեցուըրթի մէջ 2008ի Սեպտեմբերին տեղի ունեցած արկածին կապակցութեամբ: