ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան անցեալ շաբաթ Լաս Վեկաս այցելեց՝ իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնները

փոխանցելու համար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի, ծխական յանձնախումբի ա-տենապետ Ատրուշան Արմէնեանի եւ կազմին ու եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբի անդամներուն՝ եկեղեցւոյ շինութեան արտօնագիրներու ձեռք բերման առիթով։ Առաջնորդին կ՛ընկերանար Ազգ. վարչութեան անդամներէն Վահան Պզտիկեան, որ միաժամանակ ատենապետն է Ազգ. առաջնորդարանի շինարարական յանձնախումբին։
Առաջնորդ սրբազանն ու Վ. Պզտիկեան Հինգշաբթի, Յուլիս 19ին աշխատանքային նիստեր ունեցան եկեղեցւոյ հովիւին ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Սրբազանին, հովիւին ու Վ. Պզտիկեանի կողքին, հանդիպումներուն մասնակցեցան Ատրուշան Արմէնեան, Լեւոն Կիւլպէնկեան ու Գօգօ Տարագճեան։ Հիւրընկալ հովիւն ու յանձնախումբի անդամները զեկուցեցին շինութեան արտօնագիրին ու յարակից աշխատանքներուն մասին։ Պետական գրասենեակներէն արտօնագիրները ձեռք բերուած են, յատակագիծը պատրաստ է եւ նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները կը մօտենան իրենց լրումին։ Կը նախատեսուի, որ շինութեան գործնական աշխատանքները սկսին Օգոստոսին, ու ամբողջանան մինչեւ 2013ի Մայիս։
Առաջնորդը այս ուրախ առիթով նաեւ հաղորդակցութեան մէջ մտաւ եկեղեցւոյ բարերարին՝ Լերի Պարնզի հետ, խնդակցութիւն արտայայտելով այս իրագործումին համար։
Նշենք, որ շինարարական աշխատանքները պիտի իրագործուին երկու ընդհանուր փուլերով։ Եկեղեցին ու անոր կից գտնուող սրահը պիտի կազմեն համալիր մը, որ պիտի դառնայ շրջանի հայութեան հոգեւոր ու մշակութային կեդրոնը։ Առաջին փուլը՝ սրահին շինութիւնը ամբողջացած է աւելի քան տարի մը առաջ. Արամ Ա. կաթողիկոս եկեղեցւոյ օրհնութիւնը եւ գմբէթի խաչին օծումը կատարեց 2011ի Հոկտեմբերին, երբ հովուապետական այցելութեամբ Արեւմտեան թեմ կը գտնուէր։
Սրբազանը բարձր գնահատեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան ու շինարարական յանձնախումբին նուիրեալ ու բծախնդիր աշխատանքը, եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ աշխատանքները եւս իրականանան անփորձանք ու հեզասահ։