Յիսուսի Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին օրը՝ Կիրակի, Յուլիս 15ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Եդեմի Ս. Աստուածածին Հայց. եկեղեցւոյ մէջ:
Ապա, սրբազան հայրը առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց եկեղեցիէն ներս նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող կիսասարկաւագ Տէյվիտ Եահնեանը եւ Սեմ Ֆարսաքեանը:
Սրբազանը յատուկ գնահատանքի արժանացուց Էլըն Եղիա սրկ. Ճենտեանը, որ անցած երկու ամիսներուն ընաթցքին իր հոգեւոր ծառայութիւնը մատոյց՝ նկատի ունենալով, որ ծուխը մնայուն հոգեւոր հովիւ չունէր:
Պատարագի վերջաւորութեան, սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Նկատի ունենալով, որ առաջնորդարանի ամառնային ճամբարը կը սկսէր եկեղեցւոյ պատարագէն եւ հիւրասիրութենէն անմիջապէս ետք, սրբազանը այդտեղէն մեկնեցաւ ճամբար: Կէսօրէն ետք եւ երեկոյեան, թեմիս տարբեր ծուխերէն պատանիներ ժամանեցին ճամբար:
Սրբազանը Երկուշաբթի, Յուլիս 16ին ամբողջ օրը եւ յաջորդ օրը անցուց ճամբարին մէջ եւ գլխաւորեց կատարուած եկեղեցական արարողութիւնները: