ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- «Ուաշինկթըն Փոսթ» եւ «Եու.Էս.Էյ. Թուտէյ» ամերիկեան պարբերականները կը շարունակեն անդրադառնալ հանրաճանաչ հայազգի վիպասան Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» նոր հատորին: ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նշեալ պարբերականներուն մէջ տեղ գտած նիւթերը կ՛անդրադառնան Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան:
«Ուաշինկթըն Փոս»չի յօդուածագիր Էօժենիա Զուքըրմեն, մասնաւորապէս կը նշէ, թէ այսօր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ շատ մեծ նշանակութիւն եւ ազդեցութիւն ունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ թրքական պետութեան կողմէ վարուած ժխտողական քաղականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ նշանակութիւնն ու դերը այս թեմայով լոյս տեսնող նոր գիրքերուն, որոնցմէ է «Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» հատորը:
«Պոհճալեանի այս նոր հատորը աշխատութիւն մըն է՝ հիմնուած անոր ընտանքի պատմութեան վրայ: Ասիկա ապացոյցի արժէքաւոր եւ հզօր բաժին մըն է, որ մատնացոյց կ՛ընէ անժխտելին», կը գրէ Զուքըրմեն:
Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին եւ «Տապըլտէյ Պուքս» միջազգային հրատարակչատան հետ համագործակցութեամբ, ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը երկրի ամբողջ տարածքին կազմակերպած է գիրք նուիրելու իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մը, որ կոչ կ՛ընէ հայերուն՝ Պոհճալեանի գիրքը ոչ միայն նուիրելու, այլեւ իրենց շրջաններէն ընտրուած քոնկրեսականներէն պահանջելու, որ գիրքը ընդգրկուի անոնց ամառնայի շրջանի ընթերցումներու ցանկին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Յուլիս 17ին գիրքը հրապարակ գալէ ետք, «Եունիվըրսըլ Շիրըթըն» պանդոկին մէջ պիտի կազմակերպուի յատուկ ճաշկերոյթ մը՝ հեղինակին մասնակցութեամբ, ապա «Ուուտպըրի» համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ գիրքին շնորհահանդէսը: Այնուհետեւ, Օգոստոս 1ին, տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը քոնկրեսականներու հետ: Այս նախաձեռնութեան կ՛աջակցին Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ջատագով քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Ռապըրթ Տոլտ: