
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 26 Յուլիսին ընդունած է Մարսէյի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեանը եւ անոր ընտանիքի անդամները։
Ինչպէս նախապէս խոստացած էր, փոխքաղաքապետը իր ընտանիքին հետ ամառնային արձակուրդը կ՛անցընէ Հայաստանի մէջ։ Այս տարի անոնք նաեւ պիտի այցելեն Արցախ։
Ողջունելով հիւրերը Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատած է ֆրանսահայերուն եւ մասնաւորապէս Ֆրանսայի պատգամաւորներուն ջանքերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը Ծերակոյտին կողմէ քուէարկութեան դնելու համար։ Ան նաեւ կարեւոր նկատած է Ֆրանսայի նախագահին պատրաստակամութիւնը նախընտրական խոստման հաւատարիմ մնալու՝ յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային այդ օրէնքը նորէն կը դրուի քուէարկութեան եւ կ՛ընդունուի։
Մարսէյի փոխքաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Սփիւռքի նախարարին՝ անոր հայապահպան գործունէութեան համար, յատուկ կերպով անդրադառնալով «Արի տուն» ծրագիրին, որուն ընդմէջէն մեծ թիւով ֆրանսահայեր մօտէն կը ճանչնան իրենց հայրենիքը։