ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմութեան բախումներու արդիւնքէն կախեալ է՝ ինչպէս երկրի ներկան, այնպէս ալ ապագան. այսպէս գրած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, զօրքին ուղղուած իր ուղերձին մէջ:
Դամասկոսի մէջ բարձրաստիճան զինուորականներու սպանութենէն ետք, ասիկա Ասատի առաջին յայտարարութիւնն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է զինծառայողներուն՝ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ անոնց պայքարին համար. «Ես կը հաւատամ ձեզի, մեր ժողովուրդը նոյնպէ՛ս կը հաւատայ, եւ իմ կարծիքով՝ դուք պահապանն էք մեր հասարակութեան արժէքներուն», խօսքը ուղղելով զինուորներուն՝ ըսած է Ասատ:
Միւս կողմէ՝ ըստ «Պի.Պի.Սի.»ին՝ Երեքշաբթի օր դարձեալ մարտեր սկսած են Դամասկոսի քրիստոնէական երկու թաղամասերու մէջ, ուր մինչ այժմ բախումներ տեղի չէին ունեցած տակաւին:
Արդարեւ, Պապ Թումա եւ Պապ Շարքի թաղամասերուն մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, առնուազն մէկ զինուոր զոհուած է:
Դամասկոսի հայ համայնքէն տեղեկացուցած են, որ Պապ Թումայի մէջ, ուր մեծ թիւով հայ կ՛ապրի, լուրջ պատահար մը չէ արձանագրուած հայերու հետ:
Գիշերը բախումներ եղած են նաեւ Ժարամանա քրիստոնէական թաղամասին մէջ, ուր նոյնպէս մեծ թիւով հայ կայ, սակայն այնտեղ ալ, ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ համայնքը ո՛չ նիւթական, ո՛չ ալ մարդկային վնասներ կրած է:
Պայթումներու ձայներ լսուած են նաեւ քաղաքի կեդրոնը գտնուող Պաղտատ թաղամասին մէջ: