ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը իր բողոքի ձայնը բարձրացուցած է Փարիզի մէջ ատրպէյճանական կեդրոնի բացման դէմ:
Խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ատրպէյճանական կեդրոնի ստեղծման առնչուող ծրագիրը Ֆրանսայի նախարարական խորհուրդին ներկայացուցած են Ֆրանսայի վարչապետ Ժան-Մարք Էյրոն եւ արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսը:
«Զարմանալի է, որ այս ծրագիրը նման հրատապութիւն ձեռք բերած է այժմ, երբ անոր առաջադրումէն անցած է երեք տարի: Արդեօք Ֆրանսայի մէջ չկա՞ն այլ առաջնահերթութիւններ», հարց տուած են յայտարարութիւնը հրապարակողները։
Ֆրանսահայերը յիշեցուցած են, որ Ատրպէյճան կը կառավարուի Ալիեւներու «երկաթէ ձեռքով», «այդ երկրին մէջ կայ հակաժողովրդավարական, ցեղապաշտական վարչակարգ մը, որ ակնյայտօրէն կ՛ոտնահարէ մարդու իրաւունքները»: Նաեւ նշուած է, որ Ատրպէյճանի մէջ կը տիրէ հակահայկական խելագարութիւն, իսկ Ալիեւը ողջ աշխարհի հայութիւնը կը նկատէ իր երկրի թշնամին:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի «մշակութային քաղաքականութեան»՝ ֆրանսահայերը շեշտած եւ յիշեցուցած են, որ նոյն այդ երկիրն է, որ Նախիջեւանի մէջ հիմնովին քանդեց æուղայի հինաւուրց խաչքարները։