
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Երեքշաբթի օր կայացած է հերթական հանդիպում մը՝ Սուրիայէն վերջերս ժամանած եւ երեւանաբնակ սուրիահայերու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են սուրիահայերուն վիճակը եւ անոնց կողմէ բարձրացուած հիմնախնդիրները:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի նախագահին յանձնարարութեամբ՝ սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող գլխաւոր նախարարութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնն է:
Ամիսներ առաջ նախարարութեան մէջ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ մը, որ ոչ միայն բազմակողմանիօրէն ուսումնասիրած է սուրիահայերու կողմէ առաջադրուած հիմնախնդիրները, այլեւ դասակարգած է զանոնք եւ վերահասցէագրած պետական կառավարման այն մարմիններուն, որոնց գործունէութեան ոլորտին առնչուած են անոնք:
Նախարարը մասնաւորապէս տեղեկացուցած է, որ ստեղծուած աշխատանքային խումբը օդակայանին մէջ կը դիմաւորէ սուրիահայերը, կը բաժնէ տեղեկատուական թերթօններ եւ օրուան ընթացքին կ՛ընդունի այն սուրիահայերը, որոնք կ՛այցելեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն: Այցելուները, որոնց թիւը վերջին ամիսներուն ընթացքին, օրական 10 հոգի եւ աւելի է, տարբեր խնդիրներով կը դիմեն նախարարութիւն:
Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ յաջորդ 10 օրերուն ընթացքին ուժի մէջ պիտի մտնեն ՀՀ կառավարութեան կողմէ ընդունուած 2 կարեւոր որոշումներ, որոնք ընդունուած են սուրիահայերու պահանջներուն համաձայն: Ըստ այնմ՝ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած սուրիահայերը առաջին անգամ ըլլալով իրենց հայկական անձնագիրները կրնան ստանալ Սուրիոյ մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ, այսինքին՝ Հայաստանի դեսպանատունէն՝ Դամասկոսի մէջ, եւ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսութենէն՝ Հալէպի մէջ:
Հայաստանի կառավարութեան մէկ այլ որոշումով, սուրիահայերը մուտքի արտօնութիւն (վիզա) կրնան ստանալ ոչ միայն Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն, այլեւ՝ Հայաստանի սահմանին վրայ:
Անդրադառնալով հանրակրթութեան ոլորտնի մէջ սուրիահայ երեխաներու կրթութեան հնարաւորութեան՝ նախրար Յակոբեան ընդգծած է, որ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ուշադրութեան յանձնուած են շարք մը հարցեր: Անոնցմէ առաջնայինը արեւելահայերէնի արագացուած դասընթացքներու կազմակերպման խնդիրն է: Չորեքշաբթի օր իսկ, ՀՀ սփիւռքի եւ ՀՀ կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին ջանքերով, Շահումեանի անուան դպրոցին մէջ մեկնարկած են արեւելահայերէնի դասընթացքները:
Նախարարութիւնը միաժամանակ դիմած է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան՝ քննարկելու եւ գտնելու համար հնարաւորութիւններ՝ սուրիահայերը Համալսարան ընդունելու նպատակով կայացուելիք հարցազրոյցները առաւել պարզացուած կարգով կատարելու, ինչպէս նաեւ անոնց ուսման վարձավճարները հաւասարեցնելու ՀՀ քաղաքացիներու ուսման վարձավճարներուն:
Ինչպէս նշուած է, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը քայլերու պիտի ձեռնարկէ՝ սուրիահայերու ուսման վարձավճարներու զեղչի հարցը քննարկելու համար՝ տուեալ անձի նիւթական վիճակին հիման վրայ:
Ինչպէս արդէն հաղորդուած է, ըստ հնարաւորին՝ առաջնահերթութեան կարգով ուսանողական հանրակացարաններուն մէջ տեղեր կը տրամադրուին սուրիահայ ուսանողներուն:
Նաեւ, նախարարը նշած է, թէ ՀՀ առողջապահական նախարարութիւնը կը լուծէ առողջական խնդիրներ ունեցող սուրիահայերու բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման հարցերը:
Ըստ ՀՀ Արտագաղթի պետական ծառայութեան կեդրոնի տուեալներուն՝ մինչեւ օրս կեդրոն դիմած է շուրջ 30 ընտանիք, որոնք ապահովուած են համապատասխան կացարաններով: Նախարար Յակոբեան աւելցուցած է, թէ «Արի տուն» ծրագիրին, «իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի Լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքներուն ու Երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացքներուն մասնակցած եւ կը շարունակեն մասնակցիլ սուրիահայ բազմաթիւ երիտասարդներ:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ՀՀ կառավարութիւնը նպատակայարմար կը գտնէ՝ համագործակցելով մասնաւոր հատուածին հետ՝ կազմակերպել յաւելեալ թռիչքներ դէպի Սուրիա՝ երեխաներ Հայաստան տեղափոխելու եւ անոնց ամառնային հանգիստը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու համար: Այս առնչութեամբ, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ դիւանագիտական ծառայութիւններու եւ ներկայացուցչութիւններու միջոցով, իսկ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը՝ համահայկական կառոյցներու միջոցով, կը փորձեն կազմակերպել երեխաներու ընտրութեան եւ տեղափոխման հարցերը:
Այս առթիւ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հասարակական կազմակերպութիւններուն ու շարժումներուն (Դատական փորձագէտներու եւ իրաւագէտներու ընկերակցութիւն, «Ինֆորմացիոն տեխնոլոկիաների ձեռնարկութիւնների միութիւն», Սուրիահայերու աջակցման գրասենեակ, «Հայազն», «Հայրենադարձութեան եւ սուրիահայութեան աջակցութեան խումբ» եւ «Հայրենադարձ ընտանիքներու աջակցութեան Ֆէյսպուքեան խումբ»), որոնք կը փորձեն համախմբուիլ եւ սուրիահայերուն ցուցաբերել պէտք եղած աջակցութիւնը:
Նախարարը տեղեկացուցած է նաեւ, որ գործող աշխատանքային խումբը՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆ. Զաքարեանի գլխաւորութեամբ, կը համագործակցի այս հարցով մտահոգ բոլոր կառոյցներուն ու շարժումներուն հետ: Արդէն իսկ նախարարութիւն դիմած են շարք մը գործարարներ, որոնք պատրաստ են աշխատատեղիներ տրամադրելու մեր հայրենակիցներուն:
Ողջունելի են նաեւ առաջարկները այն անհատներուն, որոնք պատրաստ են իրենց բնակարանները ժամանակաւորապէս տրամադրելու մեր հայրենակիցներուն:
Հանդիպման ընթացքին գոհունակութեամբ ընդգծուած է, թէ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքը, անոր կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, ինչպէս նաեւ հոգեւոր առաջնորդները կը գործեն միասնաբար, իսկ համայնքին առջեւ ծառացած խնդիրներուն անոնք կը փորձեն տալ լուծումներ՝ համագործակցելով տեղի դիւանագիտական կառոյցներուն եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ:
Խորհրդակցութեան մասնակցած սուրիահայերը շեշտած են, որ Հայաստանի մէջ, ամէնուրեք, սուրիահայերու նկատմամբ կայ ջերմ վերաբերում մը. անոնք կարեւոր համարած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը ու յոյս յայտնած, որ որեւէ հարց, պետական համապատասխան կառոյցներու կողմէ անմիջապէս կը ստանայ իր լուծումը:
Ընթացքին առաջարկուած է, որ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը քննարկէ սուրիահայերուն վկայականները Հայաստանի մէջ վաւերացնելու գործընթացը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին կարեւոր համարուած է նաեւ այն, որ հիմնախնդիրներուն ճիշդ լուծում գտնելու նպատակով կազմակերպուին քննարկումներ՝ Հայաստանի մէջ գործող համահայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու եւ գիտնականներու հետ:
Հանդիպման մասնակցող սուրիահայերը մասնաւորապէս խնդրած են, որ լրատուամիջոցները զուսպ եւ զգուշաւոր գտնուին սուրիահայերու խնդիրները լուսաբանելու ընթացքին, որովհետեւ ոչ տեղին գործածուած որեւէ խօսք կրնայ վտանգի տակ դնել սուրիահայ համայնքը եւ խոչընդոտել խնդիրներուն լուծումը: