ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– «Հայաստանի Պետական եկամուտներ»ու կողմէ հրապարակուած «Հայաստանի արտաքին առեւտուրն առանձին երկրների կտրուածքով» փաստաթուղթին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուի Հայաստանի եւ այլ երկիրներուն միջեւ առկայ առեւտրական յարաբերութիւնները՝ արտածումի եւ ներածումի իմաստով։
Ի յայտ եկած է, որ Հայաստանի առեւտրային գործընկեր երկիրներ կը նկատուին 171 երկիրներ, որոնց կարգին արտածման իմաստով առաջին հնգեակը կը գլխաւորէ Ռուսիան՝ 121055.8 հազար տոլար, ապա Պուլկարիան՝ 62053.2 հազար տոլար, Պելճիքան՝ 61080.5 հազար տոլար, Գերմանիան՝ 56499.1 հազար տոլար եւ Իրանը՝ 49193.2 հազար տոլար:
Ներմուծումներու իմաստով առաջին հինգ երկիրներուն գլխաւորը տեղը կը գրաւէ Իրանը՝ 107689.5 հազար տոլար, ապա Ռուսիան՝ 510325.6 հազար տոլար, Ուզպեքստանը՝ 97775.3 հազար տոլար, Թուրքիան՝ 92287.1 հազար տոլար եւ Միացեալ Նահանգները՝ 79222.2 հազար տոլար:
Իր չորս դրացիներէն Հայաստանը ամէնէն աշխուժ գործակցութիւն կը կատարէ Իրանի հետ: 2012ի առաջին կիսամեակին Հայաստանէն Իրան արտածուած է 49193.2 հազար տոլարի ապրանք: Հայաստանէն Թուրքիա եւս որոշ ապրանքներ կ՛արտածուին՝ 430.7 հազար տոլար արժողութեամբ, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով մօտաւորապէս 21-22 տոկոսով նուազած է:
Վրաստանէն աւելի քիչ ապրանք կը ներածուի, քան կ՛արտածուի։ Այսպէս, Հայաստան Վրաստանէն այս տարուան առաջին կիսամեակին ներածած է 15659.1 հազար տոլարի ապրանք, մինչ Վրաստանի արտածած է 29666.3 հազար տոլարի ապրանք:
Ատրպէյճանի պարագային կարելի է ըսել, որ այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստան առեւտրական ոչ մէկ կապ հաստատած է անոր հետ։ Բայց եւ այնպէս նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին Հայաստան Ատրպէյճանէն ներմուծած է 8.5 հազար տոլարի ապրանք: «Երկիր»ը փորձած է գիտնալ, թէ ի՛նչ են այդ ներածուածները, սակայն պետական համապատասխան մարմիններուն կողմէ ոչինչ կարելի եղած է գիտնալ։