Ռուսիայէն Հայաստան մատակարարուող կազի գիներուն շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, յայտնած է ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինը՝ աւելցնելով, որ բանակցութիւններու աւարտի յստակ ժամկէտները չկան տակաւին: Վերջնական համաձայնութեան հասնելէ ետք նախարարութիւնը յայտարարութիւն պիտի հրապարակէ։
Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի սակագնային քաղաքականութեան վարչութեան պետի տեղակալ Աշոտ Ուլիխանեան յայտնած է, որ կարգաւորող մարմինը «Հայռուսգազարդ» ընկերութենէն կազի գիներու փոփոխութեան վերաբերող դիմում չէ ստացած։
8 Օգոստոսին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն ետք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Հայաստանին մատակարարուող կազի գինի սահմանման սկզբունքներուն շուրջ կողմերը փոխհամաձայնութիւն գոյացուցած են։ «Այն պէտք է բխի կազի շուկայական գնից, լինի համադրելի տարածաշրջանային սակագներին՝ պահպանելով Հայաստանի տնտեսութեան արդիւնաւէտ զարգացումը», յայտարարած է Սերժ Սարգսեան:
Ներկայիս Հայաստանին մատակարարուող կազի գինը 1000 խորանարդ մեթրի համար 180 տոլար է: