ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ կայացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի Խմբերգային Արուեստի Օրերու հանդիսաւոր փակումը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
Հանդիսութեան ընթացքին, Խմբերգային Արուեստի Օրերու մասնակիցներուն օրհնութեան խօսք ուղղած է Հայ եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական կազմակերպութեան հոգեւոր պատասխանատու Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնած է երգչախումբերու ղեկավարներուն՝ նշելով, որ անոնց ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ է որ երիտասարդները հիանալի ելոյթներով հանդէս եկան, եւ աւելցուցած, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը, երգելով երգչախումբի մէջ՝ կը նպաստէ հայկական մշակոյթի պահպանման ու տարածման՝ ամբողջ աշխարհին մէջ:
Նախարարը նաեւ նշած է, թէ «Իմ Հայաստան» փառատօնը մէկ անգամ եւս կը փաստէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միասնութիւնը: Ան երգչախումբերու անդամներուն մաղթած է նոր նուաճումներ եւ տեղեկացուցած, թէ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը շարունակական պիտի ըլլայ:
Այնուհետեւ, նախարար Յակոբեան Խմբերգային Արուեստի Օրերու երգչախումբերուն յանձնած է փառատօնի մասնակցութեան հաւաստագիրներ եւ յուշանուէրներ, իսկ անոնք, իրենց կողմէ յուշանուէրներ յանձնած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:
Յիշենք, որ Օգոստոս 14ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին այցելութիւն տուած էին «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի Խմբերգային Արուեստի Օրերուն մասնակից երգչախումբերու ղեկավարները: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Խմբերգային Արուեստի Օրերու գեղարուեստական ղեկավար Լ. Իվանեան եւ փառատօնի ղեկավար Ս. Եարոյեան: Ընթացքին քննարկուած են «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս խմբավարներու վերապատրաստման դասընթացքներ կազմակերպելու, փոխադարձաբար համերգային ծրագիրներով համայնքներ այցելելու եւ «Երգչախմբային արուեստի համահայկական ցանց» մը ստեղծելու վերաբերեալ հարցեր: