ՊՈԼԻՍ.- «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ Ահմետ Տաւութօղլու Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ամէնէն վատ արտաքին գործոց նախարարն է:
Ան նշած է, որ Սուրիոյ հարցով Տաւութօղլու էական սխալներ գործած է:
«Եթէ երկիր մը իր արտաքին քաղաքականութիւնը կը կառուցէ՝ մեկնելով այլ երկիրի մը շահերէն, ապա ուրեմն այդտեղ լուրջ խնդիր գոյութիւն ունի», ըսած է ան:
Քըլըճտարօղլու յիշեցուցած է, որ երբ Տաւութօղլու սկսաւ աշխատելու, նպատակը դրացիներու հետ զեռօ խնդիր ունենալն էր, սակայն այժմ Թուրքիա բոլոր դրացիներուն հետ ալ վէճ ունի:
«Երբ նայինք այս պատկերին եւ չքննադատենք զայն, ապա կը նշանակէ, որ մենք մեր պարտականութիւնը չենք կատարեր: Իբրեւ ընդդիմութիւն՝ մեր առաքելութիւնն է սխալները նկատել եւ անոնց մասին արտայայտուիլ: Ո՞ր հարցին մէջ ան յաջողութիւն արձանագրած է, Սուրիո՞յ, Իրաքի՞, Իրանի՞, թէ Կիպրոսի: Ամէն ինչ, սկիզբէն մինչեւ վերջ, անյաջողութիւն է եւ անոր տակ Տաւութօղլուի ստորագրութիւնը կայ», ըսած է ան: