ՊԷՅՐՈՒԹ, ԵՐԵՒԱՆ, «Էյ.Փի.», «Արմէնփրէս».- Սուրիացի ընդդիմադիրներու կողմէ իշխանութիւններուն դէմ սկսած պայքարին յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով, Թուրքիա հրասայլեր ու հակաօդային «Սթինկըր» տիպի հրթիռներ ղրկած է ապստամբներուն. այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Տեպքա» լրատուական կայքը: Կայքին համաձայն՝ Լիպիայէն «Թի. 62» տիպի 20 հրասայլեր անցեալ շաբաթ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն ղրկուած են Թուրքիայէն, իսկ հրասայլերուն ծախսերը տրամադրած է Քաթարը: Ըստ նոյն աղբիւրին՝ սուրիական «Միկ 23» տիպի օդանաւը Օգոստոս 13ին զգետնուած է Թուրքիոյ տրամադրած «Սթինկըր» հրթիռներով:
«Արապիա» կայանը, իր տեղեկութիւնները Սուրիական յեղափոխութեան համակարգումի յանձնախումբերէն քաղելով՝ հաղորդեց, որ Տէր Զօրի մէջ վար առնուած օդանաւին օդաչուն ձերբակալուած է ապստամբներուն կողմէ:
Միւս կողմէ՝ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի օր հաղորդեց, որ թրքական զօրաբաժին մը Սուրիոյ սահմանին մօտ ռազմափորձերու սկսած է, մինչ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթը նոյն օրը գրած է, որ «Սուրիոյ պատերազմը Թուրքիոյ համար բացասական աւարտ պիտի ունենայ»:
Կը հաղորդուի նաեւ, թէ Թուրքիոյ հետ սահմանակից Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, քիւրտ զինեալները աշխուժացուցած են թրքական թիրախներու վրայ իրենց յարձակումները: Անոնք Օգոստոս 14ին յարձակած են Անտիոք (Հաթայ) նահանգին մէջ գտնուող ոստիկանական եւ բանակային շէնքերու վրայ՝ վիրաւորելով երկու թուրք ոստիկաններ:
Թուրքիա արդէն իսկ քայլերու դիմած է սահմանամերձ շրջաններու ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Ապահովական գետնի վրայ, սուրիական բանակը Օգոստոս 14ին շարունակեց Հալէպի Սէյֆուլտաուլա եւ Սուքարի թաղամասերուն մէջ յառաջխաղացք արձանագրել, մինչ Թեհրան զգուշացուց միջազգային համայնքը, թէ Սուրիոյ վերեւը թռիչքի արգիլեալ գօտիի հաստատումը՝ «այն կայծն է, որ շրջանին մէջ պատերազմ պիտի յառաջացնէ»: Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմադիրները կոչ կ՛ընեն նման արգիլեալ գօտի մը ստեղծելու, իսկ անցած շաբաթավերջին տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հանդիպման ընթացքին եւս այս հարցի հաւանականութիւնը քննուած էր:
Իր կարգին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է Սուրիոյ մէջ յարանուանական լարուածութիւններէն, որոնք կրնան նաեւ Լիբանանի մէջ տարածուիլ:
Նաեւ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պատուիրակ Պուսայնա Շաապան Երեքշաբթի օր Չինաստան այցելեց՝ խորհրդակցութիւններ ունենալով արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ժի Չիի հետ: Նախարարը յայտնեց, թէ Չինաստան կը քննէ սուրիական ընդդիմութենէն անդամներ եւս Չինաստան հրաւիրելու հարցը: