
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Օգոստոս 15ին մեկնարկած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի պաշտօնական այցելութիւնը Ֆիլիփինի Հանրապետութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱԳ նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
Նախարար Նալբանդեանի այցելութիւնը սկսած է Ֆիլիփինի Ազգային հերոս Խօսէ Ռիզալի յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակի տեղադրման արարողութեամբ, որմէ ետք մայրաքաղաք Մանիլայի քաղաքապետ Ալֆրետօ Լիմ, Էդուարդ Նալբանդեանի յանձնեց քաղաքի խորհրդանշական բանալին:
Մանիլայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդունուեցաւ Ֆիլիփինի նախագահ Պենիկնօ Աքինոյի կողմէ: Ողջունելով հիւրը՝ Ֆիլիփինի նախագահը կարեւոր համարած է երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու 20ամեակին առթիւ՝ երկկողմանի յարաբերութիւններուն նոր լիցք տալու Հայաստանի նախաձեռնութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ Հայաստանի ԱԳ նախարարին առաջին այցելութիւնը Ֆիլիփին նոր թափ պիտի հաղորդէ երկկողմանի համագործակցութեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ նախարար Նալբանդեան Ֆիլիփինի ղեկավարին փոխանցած է Հայաստանի նախագահին ողջոյններն ու բարեմաղթանքները, եւ ընդգծած, թէ իր այցելութեան նպատակը ասիական տարածաշրջանին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող Ֆիլիփինին հետ համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելն է:
Ֆիլիփինի նախագահը Հայաստանի ԱԳ նախարարին պատմած է իր երկիրին մէջ իրականացուած քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական բարեփոխումներու արդիւնքներուն եւ այդ ոլորտներուն մէջ իրագործուող ծրագիրներուն մասին:
Նախարար Նալբանդեան, իր կարգին, նախագահ Աքինոյի ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները ու տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները: Զրոյցին ընթացքին մանրամասն անդրադարձ եղած է երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցերու շուրջ:
Նշենք, որ նոյն օրը կայացած էին նաեւ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ֆիլիփինի արտաքին գործոց նախարար Ալպերթ տել Ռոսարիոյի բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին կողմերը հանգամանալից քննարկում կատարած են երկկողմանի համագործակցութեան նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերուն, ինչպէս նաեւ ասիական, կովկասեան եւ մերձաւոր-արեւելեան տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ:
Հայ-ֆիլիփինեան համագործակցութեան աշխուժացման նպատակով, նախարարները պայմանաւորուած են գործօն քայլերու ձեռնարկելու՝ քաղաքական երկխօսութեան, առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւններու եւ մշակութային փոխանակումներու խթանման ուղղութեամբ:
Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ալպերթ տել Ռոսարիօ միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ: Այս ծիրէն ներս, Ֆիլիփինի ԱԳ նախարարը ներկայացուցած է իր երկիրին մօտեցումները՝ ասիական-խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանային զարգացումներուն կապակցութեամբ: Իր կարգին՝ նախարար Նալբանդեան տեղեկացուցած է արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին մասին: Երկու ղեկավարները անդրադարձած են նաեւ միջազգային օրակարգի վրայ եղող շարք մը հարցերու, մասնաւորապէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն:
Բանակցութիւններէն ետք, Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ալպերթ տել Ռոսարիօ ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Ֆիլիփինի Հանրապետութեան արտաքին գործոց բաժանմունքներուն միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր»ը եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ֆիլիփինի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ դիւանագիտական կամ պաշտօնական անձնագիրներ ունեցող անձիք մուտքի արտօնագիրի պահանջէն ազատելու մասին» համաձայնագիրը:
Երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացումը շարունակելու եւ խթանելու նպատակով, Ալպերթ տել Ռոսարիօ ընդունած է Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրը՝ Երեւան այցելելու: