ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Թումօ» ստեղծագործ արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ ուսում ստացած են 12-18 տարեկան 6000է աւելի պատանիներ՝ կեդրոնի միայն մէկ տարուան գործունէութեան ընթացքին: Իսկ ամէնօրեայ կերպով կեդրոն յաճախողներուն թիւը կը գերազանցէ հազարը։
14 Օգոստոսին «Թումօ» ստեղծագործ արհեստագիտութիւններու կեդրոնը նշած է իր առաջին տարեդարձը։
Այս կեդրոնին մէջ պատանիները կրնան ձեռք բերել գիտելիքներ եւ զարգացնել հմտութիւններ՝ գծանկար խաղերու ստեղծման, կայքէջերու մշակման, թուային լուծումներու, մարդամեքենաներու ծրագրաւորման եւ այլ բնագաւառներուն մէջ, նաեւ փորձառութիւններու փոխանակում կատարելով տեղացի եւ օտար մասնագէտներու հետ:
«Թումօ»ն ունի նաեւ շարք մը այլ նախագիծեր, որոնք կարելիութիւն կու տան երիտասարդներուն՝ մասնագէտներու օգնութեամբ ստեղծելու գծանկարային տեսահոլովակներ: Այս մէկուն լաւագոյն օրինակներէն է նշանաւոր ռոք երգիչ Սերժ Թանգեանի համացանցին վրայ տեղադրուած «Անէճուքէյթըտ տեմոքրեսի» («Անուս ժողովրդավարութիւն») նոր երգի տեսահոլովակը, որուն պատրաստութեան աշխատանքները կատարած են «Թումօ»ի 14-18 տարեկան խումբ մը սաներ:
«Թումօ» կեդրոնը հաստատուած է «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ: Անիկա անվճար կերպով ուսում կը ջամբէ 12-16 տարեկան պատանիներուն:
Նախորդ տարուան 14 Օգոստոսին կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ, երգահան Սերժ Թանգեանի համերգը:
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն ԿԱՐՊԻՍ ԵՒ ԼՈՐԻԿ ԹԻԹԻԶԵԱՆՆԵՐ