ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սուրիոյ մէջ տիրող լարուած ու պատերազմական իրավիճակին պատճառով այս տարուան 7 ամիսներուն ընթացքին ապաստան եւ գաղթականի կարգավիճակ ստանալու համար Հայաստանի իշխանութիւններուն դիմում ներկայացուցած են սուրիահայ 26 ընտանիքներ։ Այս հաստատումը կատարեց Գաղթականութեան պետական ծառայութեան ղեկավար Գագիկ Եգանեանը՝ նշելով, որ տուեալ պարագային խօսքը 45 գաղթականներու մասին է:
Ան դիտել տուաւ, որ դիմումներուն թիւը բարձրացած է յատկապէս վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին. «Տուեալ պահին 12 ընտանիքի՝ ընդհանուր առմամբ 32 անձի, տրամադրուել է ապաստան եւ գաղթականի կարգավիճակ»:
Գ. Եգանեանի համաձայն, ներկայացուած դիմումները արագ ընթացակարգով կը քննարկուին (օրէնքով սահմանուած 30 օրուան փոխարէն պատասխանը կը տրուի 10 օրէն): Դիմում ներկայացնողները կը տեղաւորուին 41 անձի համար նախատեսուած յատուկ կացարանի մէջ: Գաղթականներու ծառայութիւնը շէնք ունի նաեւ Դարբնիկ համայնքին մէջ՝ 12-13 սենեակով: Եգանեանի համաձայն, տուեալ պահուն Ծառայութիւնը ի վիճակի է երդիք տրամադրելու գաղթականներուն, իսկ հակառակ պարագային պիտի դիմէ այլ մարմիններու օգնութեան: