
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տերսիմէն (Թունճելի) երեսփոխան Հիւսէյն Այկիւն, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ առեւանգուած էր, Երեքշաբթի, Օգոստոս 14ի երեկոյեան ազատ արձակուեցաւ եւ անմիջապէս վերադարձաւ իր բնակարանը, ուր քիչ ետք հաւաքուեցան խումբ մը երեսփոխաններ, կուսակցականներ ու համակիրներ: Ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ երկու օրուան իր «լեռնային արկածախնդրութեան» ընթացքին, զինք առեւանգած 18էն 25 տարեկան 6-7 երիտասարդները շատ լաւ ու յարգալիր վերաբերում ցոյց տուած են իրեն։ «Այս առեւանգումը քաղաքական քարոզչութեան հանգամանք ունէր», ըսաւ Այկիւն, որ զինք առեւանգողներուն մասին քանի մը անգամ գործածեց «երիտասարդ ընկերներ» բացատրութիւնը։ «Անոնք այս երկիրի զաւակներն են: Անոնք ըսին, որ այս արարքին ընդմէջէն կ՛ուզեն հաշտութեան ու հրադադարի պատգամ փոխանցել Թուրքիոյ հանրային կարծիքին։ Զինուո՛ր ըլլայ կամ երիտասարդ պայքարող, բոլորն ալ այս երկիրի զաւակներն են, եւ իրե՛նք ալ ըսին, թէ զինեալ պատերազմը անիմաստ կը նկատեն։ Մեր ուզածը ժողովրդավարական ինքնավարութիւն մըն է, որուն նմանները շատ կան Եւրոպայի մէջ եւ ասիկա բան մըն է, զոր կարելի է հաստատել առանց զինեալ բախումներու», ըսաւ ան:
Անոնք խնդրած են, որ Այկիւն յաւելեալ ջանք թափէ՝ քրտական հարցին լուծում գտնելու համար։
«Այս երիտասարդ ընկերներէն ոմանք այլեւս տուն վերադառնալ կը ցանկան եւ կ՛ուզեն, որ վերջ գտնէ այս անիմաստ պատերազմը։ Անոնք կ՛ուզեն, որ չորս կուսակցութիւնները ձեռք ձեռքի տան ու լուծում մը գտնեն։ Ուրիշ միջոց չկայ։ Այս պատճառով, անոնք ինձմէ՝ իբրեւ Տերսիմի երեսփոխան, ուզեցին, որ աւելի շատ ճիգ թափեմ», ըսաւ Այկիւն։
Ան աւելցուց, որ այդ 48 ժամերուն ընթացքին, երբ լերան վրայ կը մնար, պետական ուժերու կողմէ ռմբակոծումները կը շարունակուէին, եւ քննադատեց այս ռմբակոծումները։ Այկիւն ըսաւ նաեւ, որ առեւանգողները ուզած են, որ ինք գործէ իբրեւ անկախ երեսփոխան եւ ոչ թէ իբրեւ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան, որուն պատասխանած է, թէ նման որոշում կրնայ տալ միայն ազատ պայմաններու մէջ՝ միաժամանակ աւելցնելով, թէ այժմ հպարտ է մաս կազմելով ընդդիմադիր կուսակցութեան, որ իր շարքերէն ներս ընդունելով իրեն նման քաղաքագէտներ՝ ցոյց տուած է, թէ փոփոխութեան ճամբուն վրայ է։ Այկիւն եզրափակեց ըսելով, թէ խոստացած է պայքարը շարունակել, որպէսզի հաշտութիւնը իրականանայ։