Սուրիոյ մէջ աւելի քան 17 ամիսներու իրադարձութիւնները վերջին շաբաթներուն հասած են աղէտալի զարգացումներու ու անոնց ահաւոր հետեւանքները ծանօթ են բոլորիս։ Երկիրը զինեալ դէպքերու կրակէ օղակին մէջ բռնած կացութենէն գլխաւոր տուժողն է անմեղ բնակչութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայ համայնքը։
Սուրիոյ Հայ համայնքը ունի դարաւոր պատմութիւն, եւ իր պատմական իրագործումներով, իւրայատուկ տեղ ու ներդրում ունի հայկական գաղթաշխարհի պատմութեան մէջ։ Յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք աւելի մեծ ծաւալ ստացած այս գաղութը, հայավայել աշխատանքով ու ջանասիրութեամբ ընդհանրապէս բարօր վիճակ կերտած է՝ սեփական ընտանիքներու թէ ազգային կառոյցներու՝ եկեղեցիներու, դպրոցներու հաստատումով։ Այսօր, ծանօթ իրադարձութեանց հետեւանքով, գաղութը մատնուած է տագնապալի վիճակի։ Սուրիոյ մեր գաղութի կազմակերպութիւնները, հաւատարիմ՝ մեր ազգային նկարագիրին, արդէն նախաձեռնած են գաղութի կարիքներուն հասնելու ծրագրուած ու համադրուած հաւաքական աշխատանքին։
Ի տես ստեղծուած վիճակին, հայութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ, այլ կը մղուի գործի՝ կանգնելու համար Սուրիոյ հայութեան կողքին, ու պատրաստ է օգնութեան ձեռք երկարելու անոր։
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայութիւնը եւս մտահոգ է սուրիահայ տագնապով։ Հայութեան աշխարհատարած ընտանիքին ոեւէ մէկ անդամին հասած վնասը՝ հաւասարապէս կը ցաւցնէ ընտանիքի բոլոր անդամները՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Հայավայել գիտակցութեամբ պատրաստակամ ըլլանք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ աջակցելու մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս որ օժանդակութեան ձեռք երկարած ենք Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Իրաքի եւ այլ տագնապահար գաղութներու։
Արդ, կոչ կ՛ուղղենք շրջանիս հայութեան, որպէսզի ընդառաջէ Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն եւ նուիրաբերէ ի խնդիր Սուրիոյ հայկական օճախի բարօրութեան պահպանման։ Սուրիոյ Հայ գաղութը իր դարաւոր առաքելութիւնը կենսագործած է բարձրաճակատ, այսօր ալ կառչած կը մնայ իր օճախին, իրազեկ է, որ գաղթաշխարհի տարածքին ունի իր անփոխարինելի եւ անկորնչելի տեղն ու դերը, զոր պէտք է պահպանել միահամուռ կեցուածքով։
Այսու կը հաղորդենք մեր ազնիւ ժողովուրդին, որ կազմուած է «Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմին» մը։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ, ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ,ՎԵՐ. ՅՈՎՍԷՓ ՄԱԹՈՍԵԱՆ
ՍԴՀԿ
ՀՅԴ
ՌԱԿ
ՀԲԸՄ
ՀՕՄ
ԱՄԵՐԻԿ. ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԸՆԿ.
15 Օգոստոս 2012