
Վերջերս անսպասելիօրէն ձեռքս ինկաւ իսլամական չափազանց կարեւոր փաստաթուղթ մը, որ խստօրէն կը դատապարտէ թուրքերը՝ կրօնքի քօղին տակ հայ քրիստոնեաներ սպաննած ըլլալու համար:
Այս բացառիկ փաստաթուղթը «ֆաթուա» կամ՝ կրօնական հրամանագիր է, որ արձակուած է 1909 թուականի Մայիսին, Եգիպտոսի Մեծն շէյխ Սալիմ էլ Պըշրիի կողմէ եւ կը դատապարտէ թուրք մահմետականները, Օսմանեան կայսրութեան մեծ քաղաքներէն մէկուն՝ Ատանայի մէջ, 30 հազար հայեր կոտորելու համար:
«Ազհար» մզկիթի շէյխ էլ Պըշրին՝ Գահիրէի մէջ Մահմետական աշխարհի իսլամական հետազօտութիւններու նշանաւոր կեդրոնի ղեկավարը, այս «ֆաթուա»ն արձակած է՝ ի հակազդեցութիւն 1909ի Ապրիլին թուրք մուֆթիի (կրօնական առաջնորդ) արձակած հրամանագիրին, որով վերջինս թուրքերուն կոչ ըրած է սպաննելու հայերը, քանի որ՝ «անոնք դէմ էին մահմետականներուն եւ Աստուծոյ»:
Համացանցի վրայ պատահաբար տեսնելով եգիպտական ֆաթուա-ի յիշատակումը՝ կապ հաստատեցի հայոց պատմութեան մասնագէտ փրոֆ. Մոհամմատ Ռիֆաաթ Իմամի հետ, որուն հանդիպած էի վերջերս Գահիրէ կատարած այցելութեանս ընթացքին: Դոկտ. Իմամ սիրով ինծի ուղարկեց այս կարեւոր կրօնական փաստաթուղթի արաբերէն բնագիրը, որմէ, առաջին անգամ ըլլալով, թարգմանաբար հատուածներ կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Տեղական թերթերու մէջ տեսած ենք զարհուրելի լուրեր եւ նողկալի զեկոյցներ՝ Օսմանեան կայսրութեան շարք մը գաւառներու մահմետականներուն մասին, որոնք յարձակած են քրիստոնեաներու վրայ եւ գազանաբար սպաննած զանոնք: Մենք չէինք կրցած հաւատալ այդ զեկոյցներուն եւ յոյս ունէինք, որ անոնք կեղծ դուրս կու գան, քանի որ Իսլամութիւնը կ՛արգիլէ վայրագութիւնը, բռնութիւնները, արիւնահեղութիւնը եւ մարդկանց վնաս հասցնելը, անկախ այն բանէն, թէ անոնք մահմետական են, քրիստոնեայ թէ հրեայ:
Ո՜հ, մահմետականներ՝ տարածաշրջանի մէջ եւ այլուր ապրող, զգուշացէ՛ք գործողութիւններէ, որոնք արգիլուած են Ալլահին (Աստուած-Խմբ.) կողմէ՝ Իր «Շարիաա»չով (Իսլամական օրէնքը), եւ խնայեցէք այն արիւնը, զոր Ալլահ կ՛արգիլէ թափելը, եւ մի՛ մեղանչէք մէկու մը հանդէպ, քանի որ Ալլահ չի սիրեր նախայարձակները…
Ըստ Ալլահի պատուիրանին՝ ձեր պարտքն է Ahlul Dhimma-ի (հրեայ եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները, որոնք պաշտպանուած են Իսլամական օրէնքով) այն մարդկանց հանդէպ, որոնք կապուած են ձեզի հետ, որոնք իրենց անվտանգութիւնը վստահած են ձեզի եւ որոնք կը բնակին ձեզի հետ եւ ձեր կողքին՝ բարձրացնել զանոնք, ինչպէս կը բարձրացնէք դուք ձեզ, պաշտպանել զանոնք այն ամէնէն, ինչէն կը պաշտպանէք դուք ձեզ եւ ձեր ազգականները, ձեր ուժը դարձնէք անոնց ուժը, հպարտանաք ու բարգաւաճիք ձեր ուժով եւ պաշտպանէք անոնց վանքերն ու եկեղեցիները, ինչպէս կը պաշտպանէք ձեր մզկիթներն ու տաճարները: Ո՛վ կը վիրաւորէ անոնց կիները, սուր կը քաշէ անոնց վրայ եւ կը ճնշէ զանոնք, ան կը ժխտէ Ալլահին տրուած իսլամներու խոստումը, որ մահմետականներուն պարտաւորութիւնն է:
Իմացէ՛ք, որ եթէ այն, ինչ հասարակութիւնը կը լսէ՝ ճշմարիտ է, ապա դուք զայրացուցած էք ձեր Ալլահը եւ չէք գոհացուցած ձեր մարգարէն ու Շարիաաթը: Դուք ձեր մահմետական եղբայրները հեռացուցած էք իրենց կրօնքէն, որուն մերժումը դարձած է սոսկալի՝ այս նողկալի արարքով՝ խախտելով այն, ինչ արգիլուած է, եւ դուք ձեր կրօնքէն անտեղեակ մարդկանց լեզուները արձակած էք՝ սոսկալի բառեր ըսելու համար բոլոր մահմետականներուն դէմ:
Ուրեմն լսեցէ՛ք, թէ ի՛նչ ըսած է ձեր մարգարէն նման իրավիճակներու մասին, որոնց մէջ դուք յայտնուած էք այժմ: Ան ըսած է. «Ան որ կը սպաննէ դաշնակից անձ մը (անձ, որ ըստ համաձայնագիրի՝ միացած է իսլամին, օգնութեան եւ աջակցութեան նպատակով), պիտի չզգայ Դրախտին բուրմունքը, եւ եթէ նոյնիսկ զգայ զայն, ապա ատիկա պիտի ըլլայ 40 տարուան հեռաւորութենէ»: Ան նաեւ ըսած է. «Այն անձը, որ կը մերժէ Dhimmi մը (հրեայ կամ քրիստոնեայ փոքրամաuնութեանց պատկանող անձ), պիտի մտրակուի կրակի ճիրաններուն մէջ, Ահեղ դատաստանի օրը»»:
Այս փաստաթուղթով ամբողջութեամբ պարզ կը դառնայ, որ 1909ի հայկական կոտորածները եւ անոնց յաջորդած 1915ի Ցեղասպանութիւնը մահմետական թուրքերու եւ հայ քրիստոնեաներու միջեւ եղած կրօնական բախումի արդիւնք չէին: «Ազհար»ի Մեծն շէյխը արդարացիօրէն դատապարտած է թուրքերը՝ հայերու դէմ կատարուած զանգուածային կոտորածին համար, որ կատարուած է ցեղապաշտական փանթուրքական, այլ ոչ թէ փանիսլամական նկատառումներով՝ հայկական հողերն ու կալուածները գրաւելու մտադրութեամբ: Թուրք մուֆթիներու կողմէ արձակուած տարբեր «ֆաթուա»ները նպատակ ունէին հրահրել մոլեռանդ թուրք խուժանները՝ յարձակելու եւ սպաննելու անմեղ հայերը:
Շէյխ էլ Պըշրիի 1909 թուականի «ֆաթուա»ն, հետագային ամրապնդուած է 1917 թուականին, Մաքքայի Շարիֆ էլ Հուսէյն ըպն Ալիի արձակած հրովարտակով, որ կը հրամայէր բոլոր մահմետականներուն՝ պաշտպանել հայերը եւ «ապահովել այն ամէնը, ինչի կարիքը կրնան ունենալ անոնք… որովհետեւ անոնք մահմետականներու «Պաշտպանուած ազգ»ն են, որոնց մասին մարգարէ Մոհամմատը ըսած է. «Ով նոյնիսկ պարան կը գողնայ անոնցմէ, ես պիտի ըլլամ անոր հակառակորդը, Ահեղ դատաստանի օրը»:
2009ին, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ «Իսլամները ցեղասպանութիւն չեն գործեր», ան մասամբ միայն ճիշդ էր: Ան պէտք է ըսէր. «Լա՛ւ իսլամները ցեղասպանութիւն չեն գործեր»: Երիտթուրքերու կուսակցութեան ղեկավարները, որոնք 1915ին իրագործեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաւատացեալ իսլամներ չէին՝ դատած Իսլամական սուրբ գիրքի՝ Քուրանի ուսմունքներէն: Անոնք պարզապէս ոճրագործներ էին, որոնք Իսլամութիւնը իբրեւ յարմար պատրուակ կ՛օգտագործէին՝ զանգուածային ջարդեր իրականացնելու համար: «Ազհար»ի Մեծն շէյխի կարեկցող «ֆաթուա»ն այսօր ալ տակաւին ճշմարիտ կը հնչէ, մանաւանդ այս օրերուն, երբ Իսլամական աշխարհը կը նշէ «Ռամատան»ի աւարտը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ