
ԹԱՒՐԻԶ.- Շաբաթ, 11 Օգոստոս 2ին Իրանի մէջ պատահած երկրաշարժին յաջորդ օրն իսկ, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան եւ Թեմական խորհուրդը ձեռնարկեցին մարդասիրական օժանդակութեանց հաւաքի, մասնակից դառնալու համար աղէտեալներուն՝ շուրջ 2000 վերապրողներուն, եւ անօթեւան մնացած ժողովուրդին օժանդակող Կարմիր Մահիկի ջանքերուն:
Յայտնենք, թէ հայ համայնքի զաւակները, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան ներած չափով, անընդհատ Ազգային առաջնորդարան գալով՝ իրենց հետ բերին դրամական նուէրներ, ինչպէս նաեւ ուտեստեղէն, հագուստեղէն, բրդեղէն ծածկոյթներ եւ յատկապէս ըմպելի ջուր, որ հիմնական կարիքը կը հանդիսանայ այս պահուն աղէտեալ շրջաններուն մէջ, շրջակայ աղբիւրներու ջուրի պղտորութեանն պատճառաւ:
Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը աշխուժօրէն կը հաւաքէ, կը դասաւորէ եւ մաս առ մաս կ՛ուղարկէ հաւաքուող օժանդակութիւնները, իրանցի իրենց աղէտեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն օժանդակելու մարդասիրական գովելի արարքով: