
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան նամակ մը յղած է նախագահ Պարաք Օպամային, որուն մէջ կոչ կ՛ըլլայ նախագահին՝ ամերիկահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը կազմակերպելու, որովհետեւ վերջին երեք ու կէս տարիներու ընթացքին նման հանդիպման մը չնախաձեռնելու նախագահին կեցուածքը «վնաս կը հասցնէ ամերիկեան ժողովրդավարութեան եւ դիւանագիտութեան»:
Հակառակ Յունուար 2008ին կատարած այն խոստումին, թէ հայութիւնը յուզող հարցերուն առումով մօտէն պիտի համագործակցի ամերիկահայութեան հետ, ցարդ նախագահին ու ամերիկահայութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ ոչ մէկ հանդիպում տեղի ունեցած է:
Ստորեւ՝ նամակին թարգմանութիւնը.
«Սիրելի նախագահ Օպամա,
«Ձեզի կը գրեմ, նկատի ունենալով ընտրապայքարի ընթացքին ձեր այն խոստումը, թէ ամերիկահայութեան զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը պիտի իրականացէք՝ հայկական հարցերու շուրջ կառավարութեան քաղաքականութիւնը քննելու նպատակով:
Ինչպէս գիտէք, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ձեր պաշտօնավարութեան առաջին ամիսներէն իսկ, շարունակաբար ձեզի դիմած է հանրային կոչերով ու պաշտօնական միջոցներով, որպէսզի նման հանդիպում մը իրականացուի՝ ձեր ու ամերիկահայ ղեկավարներու միջեւ ուղղակի կապ մը ստեղծելու նպատակով: Նման հանդիպում մը, որ դժբախտաբար ցարդ տեղի չէ ունեցած, առիթ պիտի ընծայէ կարծիքներու ազատ փոխանակման եւ դուք պիտի կարենաք մեր մտահոգութեանց, յուսախաբութիւններուն, ակնկալիքներուն եւ յոյսերուն ծանօթանալ անձնապէս: Նման ուղղակի երկխօսութեան բացակայութիւնը առողջ չէ մեր ժողովրդավարութեան ու մեր դիւանագիտութեան համար:
Պարո՛ն նախագահ, նկատի ունենալով, որ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէք հայկական հարցերուն, եւ անոնց նուիրուած հանդիպումներ ունեցած էք օտար պաշտօնատարներու եւ ամերիկահայութեան դիրիքորոշումներուն հակադրուած կեցուածք ունեցող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու հետ՝ կը յուսանք, որ ձեր պաշտօնավարութեան աւարտէն առաջ ամերիկահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը կ՛իրականացնէք»: