ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը անգամ մը եւս դատապարտած է «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւումը», Հինգշաբթի, Օգոստոս 16ին հաղորդած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը՝ աւելցնելով, թէ Օգոստոս 14-15ին Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայացած նշեալ կազմակերպութեան արտակարգ նիստի ընթացքին, քննարկուած են Իսլամական աշխարհը յուզող հարցեր: Բանաձեւեր վաւերացուած են Սուրիոյ, Պաղեստինի, Մալիի եւ Պուրմայի (Միանմար) իրադարձութեանց կապակցութեամբ:
Գերաստիճանի աւարտին, վաւերացուած է համատեղ հռչակագիր մը, որուն մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրները քննադատած են «Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի որդեգրած յարձակողապաշտ կեցուածքը» եւ Հայաստանին կոչ ըրած են իր զօրքերը դուրս բերելու «բռնագրաւեալ ատրպէյճանական տարածքներէն»: