Անցեալ Յուլիսի 15ին՝ Վարդավառի Կիրակին, հարաւային Քալիֆորնիոյ Տարօնի Հայրենակցական միութիւնը կազմակերպած էր Տարօնի Տոհմիկ Օր մը՝ Հոլիվուտի «Կարապետեան» սրահէն ներս։
Զուգադիպութիւն մը չէ այս մէկը. չէ՞ որ Տարօն աշխարհի Աշտիշատ գաւառին մէջ ծնունդ առած էր Անահիտի պաշտամունքին այս ձեւը, որ հիները կը վերագրէին Նոյեան ջրհեղեղէն մնացած սովորութեան, եւ ջուր թափելու հետ միասին կը թռցնէին աղաւնիներ։ Գրիգոր Լուսաւորիչ, սակայն, այս տօնը կապեց Քրիստոսի Այլակերպութեան եւ այսպիսով՝ քրիստոնէացուց այս տօնը, ինչպէս բազմաթիւ այլ հեթանոսական տօներ:
Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական միութեան երիտասարդ վարչականները, վերազարթնումի գաղափարով տարուած՝ կազմակերպած էին մտերմիկ տոհմիկ օրը, որ սկսաւ միութեան ատենապետ Րաֆֆի Մարտիրոսեանի կողմէ բեմ հրաւիրուած Մարալ Վարժապետեանի ասմունքով. ան անզուգական ոճով ներկայացուց ի՛ր իսկ կողմէ համադրուած ծաղկեփունջ մը՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի հայրենասիրական բանաստեղծութիւններէն։
Օրուան բանախօս Կարօ Յակոբեանը, իր խօսքը սկսաւ՝ Սասունցի Դաւիթի պատմախօսական ձեւը օգտագոծելով.
Դառնամ զողորմին տամ Մելքսէթ քահանին
Դառնամ զողորմին տամ Սանասարին
Դառնամ զողորմին տամ Պաղտասարին
Դառնամ զողորմին տամ Մհերին
Դառնամ զողորմին տամ Թըռլան Դաւթին
Դառնամ զողորմին տամ Ձէնով Օհանին
Դառնամ զողորմին տամ ականջ եղողի հօր ու մօր հոգուն…
Ծանօթացնելու համար ներկաները Տարօնի հայութեան ծագման փուլերուն, Կարօ Յակոբեան նկարագրեց Տարօն աշխարհը՝ իր աշխարհագրութեամբ, մշակոյթով, երգով ու պարով եւ իր քաջագործութիւններով լեցուն պատմութեամբ։
Տարօնցիներու ծագումը շաղկապելով Փռիւգացի Արմէններու աւանդութեան՝ ան եզրակացուց, որ տարօնցին անոնցմէ ստացած է քաջութեան, խիզախութեան, հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան յատկանիշներ. «Ի զուր չէ որ Փռիւգացի կը նշանակէ ազատ մարդ», ըսաւ ան։
Ու այսպէս, ան գծեց հայոց պատմութեան հոլովոյթին մէջ Տարօնի ներդրումը՝ սկսելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն, որ առաջին անգամ Տարօնի Արածանի գետի ջուրերուն մէջ քրիստոնեայ կնքեց հայերը, ու ապա Մեսրոպ Մաշտոցը (Տարօնի Հացեկաց գիւղէն), որ լուսաւորեց հայը՝ անոր տալով իր ինքնուրոյն Այբուբենը. նաեւ հոն ծնաւ դիւցազնական Մամիկոնեան տունը, որուն ասպետներու ուխտը՝ «Քաջութեամբ մեռցուք ի վերայ աշխարհիս մեր եւ ի վերայ ազգիս մեր եւ մի տեսցեն աչք մեր կոխան ոտից պղծալից լեալ զսրբարանս մեր»ը, (շնորհիւ Կարօ Սասունիի ճիգերուն) դարձած է նշանաբանը Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական միութիւններու արծիւազարդ զինանշանին:
Տարօն գաւառի Սասունէն ծնաւ հայ հերոսական առասպելներու խիզախ «Ծուռ»ը՝ Սասունցի Դաւիթը։ Միջնադարեան այս հերոսի սխրանքները գրի առնուած են 19րդ դարու վերջերը՝ Գարեգին Սրուանձտեանցի եւ ապա՝ Հայաստանի անհամար գիտաշխատողներու կողմէ, որոնք իրենց ուսումնասիրութիւնները տարած են մինչեւ Սասունի բարբառի մանրակրկիտ սերտողութեան։
Տարօնը պատմական Տուրուբերանի մեծագոյն գաւառն էր, ու Սասունը՝ լեռնային շրջանը Տարօնի, իսկ Մուշը՝ Տարօն դաշտի մեծագոյն քաղաքը՝ իրեն քոյր ունենալով Սղերթ եւ Պիթլիս քաղաքները։
Բանախօսը հոս յիշեց Տարօնի գաւառները՝ Խուլբ, Խիանք, Տալւորիկ, Բսանք, Լճէ, Ֆարղին, Խոյթ, Շատախ, Մոտըգան, Բռնաշէն, Խնուս, եւ այլն։
Եւ ապա՝ լեռները, ուր պայքարեցան մեր նորօրեայ հերոսները. Ծիրինկատար, Ծծմակաթիք, Ծովասար, Անտոք, Մարաթուկ, Սիփան, Նեմրութ, Գրգուռ, Տալւորիկ եւ անհամար այլ լեռներ, ուր տարօնցիներ ապրած էին դարերով եւ որոնք 1890էն ետք ունեցան երկու ապստամբութիւններ ու հայ ժողովուրդին տուին 19րդ եւ 20րդ դարերու ազգային հերոսներ Արաբօն, Սպաղանաց Մակարը, Գէորգ Չաւուշը, Հրայրը, Սերոբ Աղբիւրը, Սմբատը («Ռանչպարների Կանչը» վէպի հերոս Մախլուտօն), խմբապետ Մուշեղ Աւետիսեանը, Կարօ Սասունի, եւ ուր թրծուեցեան եւ իրենց հերոսական տարիները անցուցին Անդրանիկը, Ռուբէնը եւ Տարօնի լեռներուն վրայ զոհուած անհամար հերոսներ։
Տարօնը եղաւ հայութեան սիրտը՝ աշխարհագրականօրէն եւ մշակոյթով։ Տարօնէն կը բխին պատմական Հայաստանի երեք մեծ գետերը՝ Եփրատ, Տիգրիս եւ Արաքս։ Տարօնի մէջ է Էջմիածինի չափ սուրբ Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ վանքը։
Մշոյ դաշտի աւանդութենէն մեզի կու գայ Նոյեան Տապանի պտոյտը՝ ջրհեղեղէն ետք՝ դէպի Տարօն.
«Ջրհեղեղն որ կտրաւ, Նոյ Տապան ջրերու հետ վեր վար քաշուեցաւ ու դէպի Գրգուռ առաջանալով՝ ասաց.
– Էկիր քու դուռ
Տիրաշէն Գրգուռ,
յօթեան մինձ տուր.
Գրգուռ կ՛ասէ.
– Յորի՞ էկար յիս,
գնա՛ ի Մասիս,
որ բարձր է քան զիս»:
Տարօնի զարթօնքը սկսաւ 18րդ դարուն, Յովնան եպիսկոպոսի ժամանումով ու գործակցութեամբը Յովսէփ Էմինի՝ արդարօրէն ժառանգորդը Իսրայէլ Օրիի եւ Դաւիթ Պէկի սկսած հայրենասիրական շարժումներուն:
Տասնիններորդ դարու կէսերուն Ս. Կարապետ վանք ժամանեց Մկրտիչ վրդ. Խրիմեան (Խրիմեան Հայրիկ), որ հոն հրատարակեց «Արծուիկ Տարօնոյ» երկշաբաթաթերթը՝ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցի խմբագրութեամբ, ու ահա տարօնցին, ի՛ր իսկ ստեղծած առածին հետեւելով՝ «Ժողովուրդ քնած առուծ է, որ զարթաւ էլ չքնի»՝ արթնցաւ եւ իրեն հետ արթնցուց բովանդակ հայ ժողովուրդը իր թմբիրէն։
Հերոսական Տարօնը Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք պարպուեցաւ հայութենէ։ 1914ին Տարօնը ունէր 180,000 հայ. Մուշ քաղաքի 1300 տուներէն եւ Մշոյ դաշտի աւելի քան 7500 տուներէն 65,000 հայեր գաղթեցին Արեւելեան Հայաստան, եւ երկար թափառումներէ ետք՝ հաստատուեցան Արագածի լանջերուն՝ հիմնելով նոր գիւղեր՝ Աշնակ, Սասնաշէն, Թալին, Մաստարա, Կաթնաղբիւր, Առինջ, Ապարան եւ այլն:
Տարօնի տասնեակ վանքերէն մնաց Առաքելոց վանքի հռչակաւոր դուռը, որ գաղթականները հպարտութեամբ իրենց հետ փոխադրեցին Հայաստանի Պատմական թանգարան։
Տարօնցին՝ հաւատարիմ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Խորենացիի աւանդութեան՝ հայ ժողովուրդին նուիրեց անհամար բանաստեղծներ եւ գրողներ՝ Գեղամ Տէր Կարապետեան, Վաղարշակ Նորենց, Սողոմոն Տարօնցի, Ուիլեըմ Սարոյեան, Խաչիկ Դաշտենց, Սիմոն Սիմոնեան, Մուշեղ Գալշոյեան… ինչպէս նաեւ բոլորին ծանօթ «Քելէ Լաօ» երգի հեղինակ, Վերին Սասնաշէնի դպրոցի տնօրէն ու երաժշտութեան ուսուցիչ Գէորգ Յակոբեան։
Օրուան բանախօսէն ետք, տոհմիկ յետմիջօրէն հարստացուց ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերու անզուգական մեկնաբան Գէորգ Չագմանեանը՝ աւելի քան տասնեակ մը երգերով, որոնց յաջորդեց Տարօնի պարերու շարք մը։
Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական միութեան այս ձեռնարկը կու գայ փաստելու, որ մեր բազմադարեան մշակոյթը պահպանելու կոչուած հայրենակցական միութինները կա՛ն ու կը մնա՛ն։
Վարդավառի օրով տեղի ունեցած սոյն տոհմիկ տօնակատարութիւնը փակուեցաւ ներկաներուն կողմէ բացագանչուած «հազա՛ր պարահանդէս կ՛արժէր այս օրը» խօսքով։
(Ներկայ մը)