ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Տերսիմի (Թունճելի) երեսփոխան Հիւսէյն Այկիւն, որ անցեալ Կիրակի օր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու կողմէ առեւանգուած ու Երեքշաբթի երեկոյեան ազատ արձակուած էր, վերջերս կը քննադատուի, որովհետեւ ազատ արձակուելէ ետք՝ շատ մեղմ արտայայտութիւններ ունեցած էր զինք առեւանգողներուն մասին, եւ անոր զանազան խօսքերը մեկնաբանուած էին իբրեւ քիւրտ անջատողականներուն նկատմամբ համակրական արտայայտութիւններ։ Այկիւն կը քննադատուի մասնաւորաբար իր կուսակցութեան շրջանակներէն:
Այկիւն «երիտասարդ ընկերներ» անուանած էր առեւանգողները եւ խօսած էր նաեւ քիւրտերու պահանջած ժողովրդավարական ինքնավարութեան մը մասին։ Ան նաեւ «երկու օրուան լեռնային արկածախնդրութիւն» որակած էր առեւանգումը։
«Անոնք այս երկիրի զաւակներն են: Անոնք ըսին, որ այս արարքին ընդմէջէն կ՛ուզեն հաշտութեան ու հրադադարի պատգամ փոխանցել Թուրքիոյ հանրային կարծիքին։ Զինուո՛ր ըլլայ կամ երիտասարդ պայքարող, բոլորն ալ այս երկիրի զաւակներն են, եւ իրե՛նք ալ ըսին, թէ զինեալ պատերազմը անիմաստ կը նկատեն։ Մեր ուզածը ժողովրդավարական ինքնավարութիւն մըն է, որուն նմանները շատ կան Եւրոպայի մէջ եւ ասիկա բան մըն է, զոր կարելի է հաստատել առանց զինեալ բախումներու», ըսած էր ան:
Հաւանաբար իրեն դէմ կատարուած քննադատութիւնները մասամբ մեղմացնելու նպատակով, ան Հինգշաբթի, Օգոստոս 16ին դատախազութեան դիմեց ու պաշտօնապէս գանգատ ներկայացուց զինք առեւանգողներուն դէմ։ Ան բաւական երկար բացատրութիւններ տուաւ իր տեսածներուն մասին։ Ան անգամ մը եւս շեշտեց, թէ զինեալները յոռի վերաբերում ցոյց չտուին իրեն նկատմամբ եւ թէ այս առեւանգումին նպատակն էր քաղաքական քարոզչութիւնը։
Երեսփոխանը պատմած է, որ զինք նախ ինքնաշարժով, ապա հետիոտն տարած են երկար ու անծանօթ ճամբաներով, իսկ երբ զինք ազատ արձակած են, ան առանձնաբար երկար ժամանակ քալած է, մինչեւ որ անծանօթ մը, ինքնաշարժով անցած ժամանակ զինք ճանչցած է, կեցած ու զինք տուն հասցուցած է:
Յայտնենք, թէ Այկիւն երեսփոխան մըն է, որուն յառաջապահ գաղափարները իր առեւանգումէն առաջ իսկ կ՛անհանգստացնէին պահպանողականները: Անցեալ տարի ան մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր «Զաման» թերթին հետ կատարուած հարցազրոյցով մը, ուր ան պնդած էր, թէ Տերսիմի սպանդին պատասխանատուն պետութիւնն էր եւ այդ շրջանի իշխանութեան գլուխը կը գտնուէր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, ու անկարելի է, որ Աթաթիւրքը տեղեակ չըլլար այս սպանդէն։ Այկիւն ներկայիս կ՛աշխատի նոյն այդ կուսակցութեան երդիքին տակ՝ պնդելով, որ կուսակցութիւնը կը ջանայ բարեփոխուիլ։