ԵՐԵՒԱՆ, «Մամուլ».- Որոշուած է Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացնել իր տարողութեամբ աննախընթաց համապետական զօրահաւաք մը, որուն, ըստ նախատեսութեան՝ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մինչեւ 58 տարեկան քանի մը տասնեակ հազար պահեստային շարքայիններ ու սպաներ:
1 – 10 Հոկտեմբերին կայանալիք զինավարժութիւնը պատշաճ կերպով կազմակերպելու համար, պաշտպանութեան նախարարութիւնը դիմած է կառավարութեան՝ տեղեկացնելով, որ իր ուժերէն վեր է այդքան մարդիկ հաւաքելը, ուստի խնդրած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աջակցութիւնը: Տեղական զինուորական կառոյցները, քաղաքապետարաններն ու թաղապետարանները արդէն լծուած են զօրահաւաքի աշխատանքներուն:
Նշենք, որ զօրավարժութիւնը զուտ խաղաղ նպատակներով կը կայանայ։ Տարբեր հիմնարկներու որոշ ղեկավարներ եւս պիտի զօրակոչուին։