ՍԱԼԲԻ Ո. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Նոյեմբեր 1, 1993: Տասնինը տարիներ առաջ ծնունդ առաւ Համազգայինի Օրենճ Քաունթիի մասնաճիւղը , նախաձեռնութեամբ« Արմէն Գարօ» Կոմիտէութեան եւ կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի

առաջին ատենապետ Կարօ Յակոբեանի։ Յետագային մասնաճիւղը անուանուեցաւ« Սիամանթօ»։
Համեստ հեռանկարներով սկսած մասնաճիւղը ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն մշակութային զանազան բնագաւառներու մէջ։ Գրական երեկոներ, նկարչական ցուցահանդէսներ, Ապրիլեան տօնակատարութիւններ, ծիծաղի երեկոներ, փոքրերու երաժշտախառն թատրոն, «Սիամանթոյի» եւ այլ մասնաճիւղերու թատերախումբերու ելոյթներ։ Յարատեւ պարտաճանաչութեամբ իւրաքանչիւր աշնան տօնակատարած ենք տոհմիկ երեկոյ մը։ Այս տարուան Հոկտեմբեր 21 ին կազմակերպած ենք Մուսա Լեռ/Այնճար պատմութեամբ եւ դրուագներով լեցուն երեկոյ մը, ուր պիտի հրամցուին աւանդական ճաշեր։
Ընթերցասիրութիւնը քաջալերելու միտումով Մասնաճիւղը յղացաւ գրախանութ մը ունենալու գաղափարը։ Ամէն Կիրակի եկեղեցիի սրահի մուտքին կանոնաւոր կերպով գրախանութը բաց էր։ Վերջին տարիներու որոշ անհոգութիւն մը գիրքերու նկատմամբ եւ մանաւանդ որոշ խանդավառութիւն մը երաժշտութեան հանդէպ պատճառ եղան, որ գրախանութը բաց ըլլայ միայն տօնական օրերուն։ Հետաքրքութիւնը մեծ էր խտասալիկներու նկատմամբ։
Մասնաճիւղի նուաճումներէն կը համարուի «Երազ» պարախումբը։ Պարուսոյց Փրլին Վարժապետեանի բծախնդիր հոգատարութեան ենթակայ այս պարախումբը տարիներ շարունակ եւ առաւելաբար զարգանալով, մեր փոքրերը եւ պատանիները թրծեց հայ պարի նազելաճեմ ճկունութեամբ։ «Երազ» պարախումբի տարեկան ելոյթները հպարտութեան աղբիւր էին բոլորիս համար։«Երազ» պարախումբը յաճախ հրաւիրուեցաւ փայլեցնելու փառատօներ եւ այլ կազմակերպութիւններու ձեռնարկներ։ Մասնաճիւղին առաջին քայլերը այս մարզին մէջ սկսան տարիներ առաջ «Ժպիտ» պարախումբի կազմութեամբ։
Մասնաճիւղի իրագործումներէն մէկը հանդիսացաւ«Երազ Պարիկ» երաժտախառն թատրոնի մը ներկայացումը։ Այս թատրոնը մտայղացումն էր Բարսեղ Թոփճեանի, որ երաժշտութեան հեղինակն էր։ Ապագային«Երազ Պարիկ»ը որպէս DVD իրագործուեցաւ Հայաստանի մէջ, մասնաճիւղիս նիւթական ներդրումով եւ Շրջանայինի Երաժշտական միաւորի անխոնջ ճիգերով։
Սահմանափակ թիւով գրասէրներու ներկայութեամբ յամառօրէն յարատեւած ենք շարունակել մեր գրական երեկոները, հիւր դասախօսներու մասնակցութեամբ կամ ներքին ուժերով։ Փետրուար 2012ի տարեկան ընդհանուր անդամական ժողովին, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը մասնաւոր գնահատականով արժեւորեց մեր գրական հանդիպումները։
Մասնաճիւղի հոգածութեան առարկան եղած է Ա. Կ. Մինասեան վարժարանը։ Օրենճ Քաուն-թիի միակ ամէնօրեայ հայկական վարժարանը կը վայելէ բոլոր կազմակերպութիւններուն սէրն ու գուրգուրանքը։
Յաճախ ձեռնարկներ կազմակերպած ենք քոյր միութիւններու հետ։ Միշտ կը հետապնդենք պատանիներ եւ երիտասարդներ ներգրաւելու գաղափարը։ Ճիշդ այս միտումով մեր ձեռնարկներուն կը հրաւիրենք երիտասարդ տաղանդներ ապագայի ղեկը իրենց փոխանցելու առաջադրութեամբ։
Մասնաճիւղը հպարտ է իր իրագործումներով, նկատի ունենելով, ինչպէս բոլոր կազմակերպութիւններու մէջ, նիւթական եւ մարդկային սահմանափակ ուժը։ Ծրագրելու եւ իրականացնելու միջեւ կան խոչընդոտներ, որոնք միայն կը ստեղծեն մարտահրաւէրներ։ Դրական կեցուածքով կը շարունակենք դիմաւորել այս մարտահրաւէրները։
Մշակութային ուժականութիւն մը ստեղծելու հրամակայանէն մղուած «Սիամանթօ» մասնաճիւղը կը շարունակէ իր երթը եւ մեջբերելով տոքթ. Եղիկ Գոնեալեանի, այդ հաւատաւոր համազգայնականին խօսքը, մասնաճիւղի հիմնադրութեան հանդիպումին՝ «Կը հաւատանք,որ Համազգայինը սերունդներուն հոգեմտաւոր սնունդ տալու կոչումին տէրը պէտք է ըլլայ»։