Հունգարիոյ իշխանութեանց արարքը որոշ ձեւով կարելի չէ բնութագրել բացի՝ մարդկային խիղճը վաճառելու պատրաստ վատոգի վարքագիծի արտայայտութիւն ըլլալէ:
Գործարքի մէջ մտնելով Ատրպէյճանի իշխանաւորներուն հետ՝ Հունգարիոյ ղեկավարները ցուցաբերեցին դատապարտելի անտարբերութիւն միայն ու միայն ազգային պատկանելիութեան համար կատարուած անմարդկային յանցագործութեան մը հանդէպ, այդպիսով՝ վտանգաւոր պատգամ մը փոխանցելով աշխարհին:
Մենք վստահ ենք, որ Հունգարիոյ ժողովուրդը չի բաժներ իր կառավարութեան դիրքորոշումը այս վատոգի գործարքին հանդէպ. ընդհակառակը, վստահ ենք, որ հունգար ժողովուրդն ու մտաւորականութիւնը իրենց ընդվզումի ձայնը պիտի միացնեն Հայաստանէն ու աշխարհի չորս ծագերէն պոռթկացող հայկական ցասումին, եւ պիտի խարանեն ատրպէյճանական դիւական քաղաքականութեան լարած թակարդին մէջ իյնալու ձախաւերութիւնը:
Հայաստան պետականօրէն արդէն իսկ բանաձեւեց իր յառաջիկայ ընելիքները: Այսօր, այստեղ չենք ուզեր անդրադառնալ, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ինչո՞ւ այսպէս անակնկալի եկած է, ինչո՞ւ անտեղեակ մնացած էր մէկ տարիէ ի վեր ընթացող ատրպէյճանա-հունգարական բանակցութեանց մասին, ինչո՞ւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը վարող գերատեսչութիւնը չէր կրցած գնահատել ատրպէյճանական իշխանութեանց պատրաստակամութիւնը՝ ամէն գնով մարդասպանը ազատելու ու զայն իր հայրենիքը վերադարձնելու եւ համապատասխան միջոցառումներով տարհամոզելու հունգար իշխանութիւնները նման գործարքի մը մէջ մտնելու գաղափարէն: Այսօր պարզապէս կ՛ուզենք արտայայտել մեր ընդվզումը եւ յայտարարել մեր պատրաստակամութիւնը՝ միանալու համահայկական ուժերով ձեռնարկուելիք պատասխան քայլերուն: