ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ «ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐԷ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐ» ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ԴԷՄ «ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ԿՈՒ ՏԱՆ
Բաքուի զինուորական դատարանին մէջ, նախօրէին, Խոճալուի հարցով Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան հարցաքննուեցան:
Անկախ լրատուամիջոցներու, փաստաբաններու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեան ընթացող դատավարութեան ընթացքին, նախ հարցաքննուեցաւ Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, որ Արցախը ղեկավարած էր 1997էն 2007:
Հարցաքննութենէն մանրամասնութիւններ փոխանցեց ատրպեճանական «Ազերթաճ» գործակալութիւնը, որ կը պնդէ, թէ Արկադի Ղուկասեան իբր թէ ըսաւ, թէ «Խոճալուի դէպքերուն ընթացքին Արցախի ղեկավարը Արթուր Մկրտչեանն էր, ռազմական գործողութիւնները կը ղեկավարէր Արկադի Տէր Թադեւոսեան (հանգուցեալ Կոմանդոսը), իսկ ձեւաւորուած ինքնապաշտպանական ուժերը՝ Սերժ Սարգսեան»:
Ըստ «Ազերթաճ»ի՝ 2007էն 2020 Արցախը ղեկավարած Բակօ Սահակեան, պատասխանելով ատրպէյճանցի մեղադրողի մը հարցումներուն՝ ըսաւ, թէ ինք չի տիրապետեր Խոճալուի իրադարձութիւններուն մասին տեղեկութիւններու: Արձագանքելով դատարանի դահլիճին մէջ ցուցադրուած տեսանիւթերուն՝ Սահակեան յայտնեց, թէ ինք տեղեակ չէ եղած այդ մանրամասներէն, բայց ան շեշտեց, որ իր դիրքորոշումը յստակ է՝ անընդունելի կը համարէ այդպիսի իրադարձութիւններ:
Արցախի չորրորդ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, որ Արցախը ղեկավարեց 2020էն 2023, ըստ «Ազերթաճ»ի, Խոճալուի իրադարձութիւնները «Արցախի առաջին պատերազմի ամէնէն մեծ ողբերգութիւնն»ը անուանած է:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան յայտնեց, որ գերի տարուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ հնչող այս վկայութիւնները, բնականաբար, չեն կրնար արժանահաւատ ըլլալ, որովհետեւ բոլորը գիտեն, թէ անոնք ինչպէս կը ստացուին: «Ոչ միայն մեր, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան համար հասկանալի է չէ՞, թէ ինչպիսի պայմաններում են ընթանում այդ դատավարութիւնները, եւ ինչ ճնշումների, ինչ ազդեցութեան շնորհիւ կարող են իրենք կորզել տարբեր տիպի տեղեկութիւններ, եւ այդ տեղեկատուութեանը լուրջ չպէտք է վերաբերուել», ըսաւ Օհանեան՝ աւելցնելով. «Խոջալուում ռազմակայան յենակէտ է տեղաւորուել, եւ այդ ռազմական յենակէտից գնդակոծել են հայկական բոլոր բնակավայրերը: Այդ յենակէտերի վնասազերծումը թոյլ տուեց, որ Արցախի ժողովուրդը կարողանայ ազատ շնչել եւ ազատ ապրել իր իսկ պատմական տարածքում, եւ այդ յենակէտի ռազմական վնասազերծման ժամանակ մարդասիրական բոլոր նորմերի միջանցքը պահպանուել է, եւ իրենք են, որ մարդասիրական միջանցքով անցնող իրենց բնակչութեան նկատմամբ ուժ են կիրառել եւ նրանց վրայ կրակել»:
Շարունակուող դատավարութեան ընթացքին, «ականներու պայթումներէ վիրաւորուած» քաղաքացիներ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ վկայութիւններ կու տան, տեղեկացուց ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութիւնը, ըստ որուն, Հասանլի Ալիեւ անունով ներկայացած անձը իր վկայութեան մէջ պնդեց, որ 4 Փետրուար 2024ին վէրքեր ստացաւ «հայերուն տեղադրած ականի պայթումէն», որուն պատճառով «ձախ ոտքի վերջաւորութիւնը հատած են»:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Արցախի մէջ ընդամէնը երեք ամիսներ պետական նախարարի պաշտօնը վարած Վարդանեանին կը վերագրեն Ատրպէյճանի դէմ պատերազմ ծրագրելու եւ վարելու, վարձկանութեան եւ տասնեակ այլ ծանր յանցագործութիւններ: