ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին տեղակայուած ռուսական ռազմախարիսխի գումարտակները մարտական վիճակի բերելու հանգրուանի նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրին մէջ, ռազմական համաճարակաբանները առողջապահական-համաճարակաբանական հետախուզութիւն կը կատարեն Ալագեազ եւ Կամհուդ ուսումնամարզական համալիրներուն մէջ:
Հարաւային ռազմական շրջանի մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, այս առաջադրանքներու իրականացման համար նախորդ տարի յատկացուած բժշկական տարրալուծարանը նախատեսուած է բժշկական հետախուզութեան, միքրոկենսաբանական եւ առողջապահական հետազօտութիւններու համար: Այս հանգրուանի ռազմական համաճարակաբանները տարրալուծարաններու փորձարկում կը կատարեն։