ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 Սեպտեմբերին ընդունած է Ռուսիայէն Արցախ ժամանած գործարար եւ բարերար, «Լուդինկ» ընկերութեան հիմնադիր Արթուր Վարժապետեանը:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն փոխանցած են, որ երկրի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է բարերարին՝ Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման իմաստով ունեցած մասնակցութեան համար՝ նշելով, որ տարիներ շարունակ անոր հայրենանուէր գործունէութիւնը բարձր գնահատուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Հանդիպումէն ետք նախագահը եւ Արթուր Վարժապետեանը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի փրկարար ծառայութեան ժամանակակից փոխադրութեան միջոցներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ անձնաւորութիւններ։