
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ատենապետ եւ նախագահական նախկին թեկնածու Ճան Քերի Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5ին խստօրէն դատապարտած է հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին դաժանաբար սպաննած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը ազատ արձակելու Ատրպէյճանի նախագահին որոշումը:
«Ցնցուած եւ ապշած եմ, որ Ատրպէյճան ոչ միայն ողջունեց Սաֆարովը, այլ նաեւ ներում շնորհեց, փառաբանեց եւ պարզապէս հերոսացուց անոր: Այս սադրիչ գործողութիւնը անտեղի կերպով նոր սպառնալիքներու դիմաց կը դնէ երկու երկիրներու միջեւ փխրուն խաղաղութիւնը, միաժամանակ հարուած մը հասցնելով Ատրպէյճանի կառավարութեան վարկին», նշած է Քերի, իր գրասենեակին կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ:
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումի գործադիր վարիչ Միշել Յակոբեան ամերիկահայութեան անունով ողջունեց Քերիի այս յայտարարութիւնը:
«Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ծերակուտականին՝ անարդարութեան դէմ տարուող անոր սկզբունքային աշխատանքին համար, եւ կոչ կ՛ընենք անոր եւ անոր օրէնսդիր գործընկերներուն, որ ի շահ խաղաղութեան, յաւելեալ քայլերու դիմեն Ատրպէյճանի յատկացուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը կասեցնելու ուղղութեամբ», նշած է Յակոբեան:
Ներկայացուցիչներու տան Ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի բարձրաստիճան դեմոկրատ անդամ Հենրի Ուաքսմեն իր կարգին շեշտած է, որ խորապէս մտահոգուած է մարդասպան Սաֆարովին ներում շնորհելու առնչութեամբ, իսկ կեդրոնական Քալիֆորնիայէն քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա «Ֆրեզնօ Պի» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է. «Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ գործած անարդարութիւնը առնուազն վիրաւորական է: Մենք ամուր կանգնած ենք Հայաստանի մեր ընկերներու կողքին այս դժուար օրերուն, ի նշան մեր հաստատ նուիրուածութեան՝ արդարութեան, խաղաղութեան եւ փոխադարձ յարգանքին», ըսած է Քոսթա: