ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանին ընթացքին պիտի քննարկուի Սաֆարովի հարցը. հայկական կողմը յաջողած է այդ մէկը կատարել։ Հաւանաբար այս առնչութեամբ քննարկումը կատարուի 1-5 Հոկտեմբերին Սթրազպուրկի մէջ կայանալիք ԵԽԽՎ աշնանային նստաշրջանին:
Այս մասին «Երկիրն այսօր»ին հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին ըսած է հայաստանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան՝ Փարիզէն, ուր այսօր տեղի ունեցած է Մարդու իրաւունքներու եւ իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նիստը: Ինք է, որ յանձնաժողովին առաջարկած է Սաֆարովի տխրահռչակ պատմութեան անդրադառնալ Վեհաժողովի լիագումար նիստին ընթացքին: Այս առաջարկը ընդունուած է 20 թեր, 7 դէմ քուէներով:
Բացի թուրք եւ ատրպէյճանցի պատուիրակներէն, դէմ քուէարկողներուն կարգին էր նաեւ ԵԽԽՎի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով զբաղող ենթայանձնաժողովի նախագահ Խուկլա Ի Կոստան: Հունգարիոյ պատուիրակը չէ մասնակցած նիստին:
«Քննարկումը շատ բուռն ընթացաւ: Ես հարց բարձրացրեցի այն մասին, որ քանի որ շատ բարձր ատեաններ արդէն յայտարարութեամբ են հանդէս եկել կատարուածի վերաբերեալ, մեր յանձնաժողովն էլ պէտք է իր վերաբերմունքն արտայայտի: Առաջարկեցի նախաձեռնել քննարկում՝ բերելով այս խնդրի հետ կապուած բոլոր յայտնի փաստարկները: Ասացի, որ սա մարտահրաւէր է՝ ուղղուած ոչ միայն Հայաստանին, այլեւ ԵԽԽՎին եւ ողջ քաղաքակիրթ մարդկութեանը: Սա մի իրավիճակ է, որի նախադէպը չի եղել, եւ մենք պարտաւոր ենք սրան լրջօրէն վերաբերուել:
«Ատրպէյճանի, Թուրքիայի պատգամաւորներն ամէն ինչ արեցին, որ յանձնաժողովը խնդրից շեղուի, բայց ի պատիւ մեր յանձնաժողովի անդամների՝ նախաձեռնութիւնը պաշտպանուեց: Եղան նաեւ այլ առաջարկներ, օրինակ, մի խումբ պատգամաւորներ առաջարկեցին խնդրին անդրադառնալ նաեւ իրաւական հարթութեան մէջ, մասնաւորապէս, առաջարկուեց, որ Գուրգէն Մարգարեանի իրաւայաջորդները, ովքեր Մարգարեանի ծնողներն են, դիմեն Եւրադատարան՝ արդարադատութեան իրականացման պահանջով: Բուռն քննարկումներից յետոյ նախաձեռնութիւնը դրուեց քուերակութեան եւ ընդունուեց 20 կողմ, 7 դէմ ձայնով», ըսած է ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեանը: