
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբերի 6ին Պէյրութի մէջ, հայկական կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական մասնաճիւղերու հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ դեսպանութեան շէնքին առջեւ կազմակերպեցին բողոքի ցոյց մը ազերի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը՝ հունգարա-ատրպէյճանական գործարքի իբրեւ հետեւանք, ազատ
արձակելու եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ անոր ներում շնորհելու եւ հերոսացնելու կապակցութեամբ: Մասնակիցներու ձեռքին էին Հայաստանի եւ Լիբանանի դրօշները, Հունգարիոյ կառավարութեան ուղղուած պաստառներ հետեւեալ կոչերով եւ բովանդակութեամբ՝ «Դուք կը խրախուսէք Ատրպէյճանը իր քաղաքացիներուն մէջ սերմանելու ատելութիւն հայերու հանդէպ», «Դուք կը դառնաք գործընկեր կատարուած յանցագործութեան մէջ», «Ներողութիւն մի խնդրէ՛ք, ճանչցէ՛ք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը»:
Ցոյցի ընթացքին ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ կուսակցութիւններու ղեկավարները հանդիպում ունեցան Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ
դեսպան Լասլօ Վարադիի հետ, վերջինիս յանձնելով բողոքագիր, որով կը դատապարտուէր հունգարիոյ կառավարութեան կողմէ ազերի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի յանձնումը Ատրպէյճանին եւ վերջինիս կողմէ Սաֆարովի ներումն ու հերոսացումը:
Բողոքագիրին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ այդ անբարոյական եւ սադրիչ գործողութիւնով Ատրպէյճան կը շարունակէ խրախուսել եւ արդարացնել հայերու դէմ ատելութիւնը իր քաղաքացիներուն մօտ: Սաֆարովի յանձնումը Ատրպյէյճանին եւ
անոր հերոսացումը դուռեր կը բանայ նոր յանցագործութիւններու: Անիկա ապացոյց է Ատրպէյճանի ապակառուցողական մօտեցումին՝ Ղարաբաղեան խաղաղ գործընթացին հանդէպ, յատկապէս՝ զինադադարի յաճախակի խախտումներու եւ ռազմատենչ յայտարարութիւններու ծիրէն ներս:
Բողոքագիրին մէջ նշուած է նաեւ, որ հայ եւ հունգարական ժողովուրդներու բարեկամութեան պահպանման ոգիին համաձայն, կուսակացութիւնները կոչ կ՛ընեն Հունգարիոյ դատապարտելու այդ ամօթալի եւ վտանգաւոր արարքները:
Նշենք, որ այս օրերուն լիբանանեան մամուլը պարբերաբար կ՛անդրադառնայ պատահաածին: