ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կաթնեղէններու օգտակարութեան կամ անոնցմէ պատրաստուած ուտելիքներու մասին տարբեր կարծիքներ կ՛արտայայտեն սննդագիտական դեղատուններ: Որոշ երկիրներու մէջ տակաւին չէ՛ զարգացած կաթնեղէնէ պատրաստուած մի քանի տարբերակներէ բացի այլ արտադրութիւններ ստեղծելու փորձառութիւնը: Օրինակ, միայն արեւելեան երկիրներու մէջ տարածուած սովորութիւն է քամուած մածունին տարբերակը: Իսկ մածունը գրեթէ բոլոր ազգերը ունին, իբրեւ կաթնեղէնի արտադրութիւն: Թանը եւս, աւելի արեւելեան սովորութեան մաս կը կազմէ, քան՝ արեւմտեան:
Մածունին ու թանին տարբերութեան մասին տարրալուծարանային զրոյց ունենալը աւելորդ է, որովհետեւ երկուքն ալ նոյն հիմքը ունին՝ կաթէն արտադրուած ըլլալով: Սակայն, անոնց ներկայացուցած բարոյական իմաստը հետաքրքրական կրնայ ըլլալ ընթերցողներուն համար:
Մարդոց ծանրակշիռ կամ թեթեւ ըլլալուն մասին տրուած բացատրութիւնները, միայն անոնց ունեցած գիտութեան չե՛ն վերաբերիր, այլ նաեւ՝ սովորական կենցաղին, ապրելակերպին, խօսելաոճին եւ այլ խառնուածքային յատկութիւններուն:
Այսպէս, օրինակ, կարելի է տեսնել մարդիկ, որոնք բնաւ կատակ չեն ըներ: Այդպիսիներ կազմաւորման տարբեր եղանակ ունեցած են եւ դաստիարակութեան տարբեր ընթացք: Արուեստով, գիտութեամբ, համալսարանական բարձր կրթութեամբ հարուստ ընտանիքներ, կամ ազնուական դասակարգի պատկանողներ, բնականաբար տարբեր դաստիարակութեամբ կը կրթեն իրենց զաւակները, քան կիսաքաղաքակիրթ ազգերու զաւակները: Սա մարդոց միջեւ տարբերութիւն դնելու փորձ չէ՛, ո՛չ ալ զատողութիւն՝ Աստուծոյ ստեղծած մարդ էակներուն միջեւ: Սակայն, պարագաներու բերմամբ ոմանք կ՛իյնան այս կամ այն միջավայրին մէջ, եւ ըստ այնմ կը դաստիարակուին: Այսպէս, կարելի՞ է սպասել յետամնաց գիւղի նախակրթարանի շրջանաւարտ աշակերտէն, որ դպրոցը աւարտելէ ետք իր հօր հետ հայրենի գիւղի հողը մշակելու աշխատանքին լծուած է, աստղադիտարանի աւելի հեռահաս նոր հեռադիտակ հնարէ, կամ այլ մոլորակներու վրայ շրջագայող մարդամեքենայ ծրագրէ: Կամ, կարելի՞ է երեւակայել, որ ան գիտական նոր զարգացումներու մասին իր հեղինակաւոր կարծիքը փոխանցէ մամուլին…: Մարդը ազատութիւնը ունի բնականաբար իր խօսքը ըսելու, ճիշդ է, սակայն այդ կարծիքն ալ արժէք ունենալու համար, պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ գիտական տուեալներով: Այլապէս, այդ կարծիքը ոմանց մօտ միայն ծիծաղ կը յառաջացնէ, կամ ալ, լաւագոյն պարագային, հասկացողութիւն ունեցողներ կը խղճան այդ կարծիքը արտայայտողին, զայն նկատելով չափազանց միամիտ մէկը:
Բարոյագիտութեան մէջ, կաթը նաեւ կը խորհրդանշէ գիտութիւնը: Մարդկութեան կեանքին իրենց նպաստը բերող, ու անոնց իմացական սննդառութեան օժանդակող անձերը կաթնտուներ են փոխաբերական իմաստով, որոնց հայթայթած գիտութեամբ մեծ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ մարդկային ընկերութիւնը: Այս «կաթնտուներ»ը անպայման զարգացած անձեր կրնան չըլլալ: Իր ընտանիքը դաստիարակող հայրը կամ մայրն ալ նոյն դերակատարութեան մէջ է, երբ իր փորձառութենէն բխած գիտութիւնը կը ջամբէ իր ծնած զաւակներուն: Ուրեմն, կը բաւէ ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցել շրջապատին, մարդկութեան համար ըլլալու ճշմարիտ «կաթընտու», եւ որ դրական ներկայութիւն է ինքնին:
Սակայն, այս դրական ներկայութեան պարագային եւս կայ ժխտական մէկ կացութիւն, երբ տարուած դրական աշխատանքը կրնայ փճանալ, անուշադիր մէկ արարքի հետեւանքով: Վստահաբար գիւղական կեանքին ծանօթ անձեր գիտեն, թէ կովը կթած ժամանակ ինչքա՜ն զգոյշ պէտք է ըլլալ, որպէսզի կենդանին հանդարտ մնայ իր կեցած տեղը, դէպի ետեւ կամ առաջ շարժումներ չընէ, որպէսզի կթուած կաթին փորձանք չպատահի: Սակայն եւ այնպէս, երբեմն կը պատահի անսպասելին, երբ կովը չես գիտեր ի՞նչ տրամադրութենէ մղուած, յանկարծ կից կու տայ կաթով լեցուած դոյլին եւ ամբողջ պարունակութիւնը գետին կը թափէ: Գիւղացիներու փորձառութեամբ, այսպէս կից տալով կաթը թափող կովերուն աչքերուն մէջ զղջումի ու վախի արտայայտութիւն նկատելի կ՛ըլլայ, որ փաղաքշական խօսքերով միայն կը փարատի…:
Նոյնը կարելի է ըսել մարդկային ընկերութեան կեանքին համար: Չե՞ն տեսնուած մարդիկ, որոնք մեծ ծառայութիւններ մատուցելէ ետք իրենց շրջապատին, յանկարծ կից կու տան իրենց իսկ կատարած աշխատանքին, ու յում պէտս կը վատնեն իրենց ամբողջ յոգնութիւնը: Այսիպիսիներուն համար տարբերութիւն չըներ, թէ ինչքա՛ն ժամանակ վատնած են այդ գործը կատարելու, կամ թէ ինչքա՛ն ոյժ ու նիւթական սպառած են ատոր համար: Այդ պահուն, կարեւորը իրենց այդ յանդուգն արարքն է, որ երբեք չի՛ տարբերիր վերոյիշեալ կաթնտուին անուշադիր ու անհեռատես գործէն: Այլապէս, ամէնքն ալ գնահատանքով կը խօսին անոր օգտակար արդիւնաբերութեան, որ սննդարար իր հեղուկով բարիք կը պարգեւէ մարդկութեան:
Մածունին ու թանին իրարմէ ունեցած համի տարբերութենէն բացի, կարելի է տեսնել նաեւ թանձրութեան տարբերութիւնը: Այդ թանձրութիւնը եւ ջրիկութիւնը, իբրեւ երկու տարբեր վիճակներ, բարոյագիտութեան մէջ օրինակ կը ծառայեն, մարդոց երկու տեսակի խմբաւորումներուն: Անոնք որոնք գիտութեամբ հարուստ են, եւ իրենց ուսերուն վրայ փորձառութեամբ լեցուն գլուխ կը կրեն, կը նմանին մածունին, որ որոշ թանձրութիւն ունի: Կեանքի մէջ վստահաբար կու գայ պահը, երբ դոյլը պիտի թափուի, կամ ուրիշ խօսքով՝ մարդը պիտի սխալի: Սակայն երբ գիտութիւն ունի՝ նոյնիսկ դոյլը պարպուի, անպայմա՛ն անոր մէջ որոշ չափով մածուն կը մնայ կողքերուն փակած: Սակայն ջրիկ նկարագրով, ու գիտութեամբ աղքատ մարդիկ կաթի նման են, որ ամբողջութեամբ կը թափուի, հազիւ գոյնը զգալի դարձնելով այն դոյլին մէջ, ուրկէ պարպուած էր:
Դէպքերու դիմաց կը փորձուի մարդուն գիտութիւնը կամ մտապաշարը: Կացութիւններու դիմաց փորձաքարի կը զարնուի անոր փորձառութիւնը՝ մածունի ու թանի օրինակով: Ո՞վ եւ ինչքանո՞վ կը մնայ դոյլին մէջ երբ դիպուածի հետեւանքով թափուի անոր պարունակութիւնը, այն ատեն յայտնի կ՛ըլլայ թէ ինչպիսի՞ անձ է ան…: Մածունին ու թանին բարոյական այս պատկերը կրնայ դաստիարակիչ ըլլալ շատերու համար, որովհետեւ մարդու կեանքէն ու սովորական առօրեայէն քաղուած եւ անոր սննդառութեան նիւթէն տրուած օրինակ է պարզապէս: Պէտք չէ՛ զարմանալ, որ շատ ծանրակշիռ թուացող մարդոց պարագային ալ կարելի է հանդիպիլ կաթի օրինակին, այսինքն՝ երբ պատահի որ ոչինչ մնայ դոյլին մէջ: Այս ալ յորդորելու համար է անոնք, որոնք առհասարակ արտաքին երեւոյթներէ կը խաբուին: Շատ փորձառու կաթնավաճառներ միայն կրնան արտաքին տեսքէն իմանալ, թէ հրամցուած կաթը թա՞րմ է, թէ՞ հինցած, եւ կամ անապա՞կ է, թէ՞ ջրախառն: Այլապէս մնացեալ մարդիկ միշտ պէտք է համտեսեն, որպէսզի կարծիք տան ատոր մասին: Նոյն ձեւով ալ, եթէ փորձառութիւն չունինք, պէտք է նոյնիսկ մածուն թուացող թանձր հեղուկը համտեսենք, հաստատելու համար անոր թանձրութիւնը, այլապէս՝ թափուելէն ետք ի յայտ կու գայ անոր որակը: