
ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Երկուշաբթի, Օգոստոս 27ին, Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները ուրախութեան մթնոլորտի մէջ բացումը կատարեցին վարժարանի 48րդ

կրթաշրջանին՝ հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Վերամուտի բացման հանդիսութեան ներկայ էին աշակերտութիւնը, ծնողները, վարժարանի ուսուցչակազմն ու անձնակազմը, Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամբուրեան, ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ռիմա Պօղոսեան, խնամակալ մարմնի ներկայացուցիչ Քրիս Քէօսեան, ուսումնական մարմինի ատենապետ Պերճ Պապիկեան, գաղութի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Փիքօ Ռիվերայի քաղաքապետ Պապ Արչուլեթա, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետութեան անդամ Ճեք Հաճինեան եւ Մոնթեպելլոյի ոստիկանապետ Քեվին Մքլուր։
Հանդիսութիւնը սկսաւ դրօշակներու եւ ուխտերու երդման արարողութեամբ։ Ապա, Աշոտ քհնյ. Գամբուրեանի առաջնորդութեամբ կատարուեցաւ բացման աղօթքը։
Տնօրէնութեան կողմէ հայերէնով ու անգլերէնով բացման խօսքը փոխանցեցին Մարալ Ասիք եւ Լարա Գիզիրեան։ Անոնք բարի վերամուտով ողջունեցին աշակերտները եւ մաղթեցին յաջողութեամբ լի ուսումնական նոր տարի մը։
Աշակերութեան պատգամը փոխանցեցին աւարտական դասարանի աշակերտուհիներ Արփի Լապէճեան՝ հայերէնով եւ Թալին Սասունեան՝ անգլերէնով։ Անոնք ուրախութիւն յայտնեցին նոր վերամուտի առիթով եւ ողջունեցին վարժարանէն

ներս կատարուող բարեփոխումները, եւ խոստացան աւելին սորվիլ ու աւելին նուաճել նոր կրթաշրջանին։ Յանուն ուսուցչակազմին՝ խօսք առին Արփի Համբարեան՝ հայերէնով եւ Անոյշ Կարապետեան՝ անգլերէնով։ Ողջունելով աշակերտներուն վերադարձը եւ շեշտելով ուսման կարեւորութիւնը, անոնք վերահաստատեցին ուսուցչակազմի յանձնառութիւնը՝ առաջնորդելու աշակերտները լաւագոյն ուսման, ինչպէս նաեւ մեր ազգային արժէքներու պահպանման ու մշակութային ժառանգութեանց հարստացման։
Պրն. Պերճ Պապիկեան ընդգծեց ուսման կարեւորութիւնը եւ փոխանցեց Ուսումնական մարմինի հետեւողական աջակցութիւնը ի խնդիր «Մեսրոպեան»ի վերելքին։ Ազգային վարչութեան անունով տիկ. Ռիմա Պօղոսեան դրուատեց «Մեսրոպեան»ի արձանագրած յառաջդիմութիւնները, շնորհաւորեց վարժարանի վարկաւորումը, եւ բարի երթ մաղթեց նոր կրթաշրջանին համար։
«Մեսրոպեան»ի տնօրէն Սեդօ Պոյաճեան բարի վերադարձ մաղթեց աշակերտներուն եւ խոստացաւ խանդավառ ու մարտահրաւէրներով լի կրթաշրջան մը։ Ան ուրուագծեց անցնող տարուան նուաճումները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին վարժարանի վարկաւորման աշխատանքը։ Ապա ան ներկայացուց նոր շրջանի ուսուցչակազմի անդամները՝ զանոնք որակելով «այն խումբը, որ պիտի սահմանէ ու առաջ մղէ մեր ձգտումը դէպի բարեփոխութիւն եւ բարձրորակ կրթութիւն։»
Պոյաճեան մատնանշեց, որ «այս կրթաշրջանին «Մեսրոպեան» օրինակելի դպրոց ըլլալու նախաքայլը պիտի առնէ»՝ շեշտելով, որ այս քայլը նուաճելի է, ան ըսաւ. «Ասոր բանալին կը կայանայ մեր անձերուն ու մեր դպրոցին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքին մէջ։» Պոյաճեան աւելցուց՝ ըսելով. «Իբրեւ գաղութ պէտք է անդրադառնանք ու ներմուծենք մեր մէջ այն խոր համոզումը, թէ «Մեսրոպեան» վարժարանի փոխարէն այլընտրանք չունինք։ Կրթական որակի առումով «Մեսրոպեան» կը գերազանցէ մեր հարեւան դպրոցներէն շատերուն։ Ապահովութեան ու հոգածութեան առումով, մեր հարեւան դպրոցներէն ոչ մէկը կրնայ մրցիլ «Մեսրոպեան»ի հետ։»
Հանդիսութեան աւարտին Աշոտ քհնյ. Գամբուրեան կարդաց առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը՝ ուղղուած ազգային վարժարաններուն։
Բացման հանդիսութիւնը փակուեցաւ տէր հօր «Պահպանիչ»ով։
Comments 1