ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի անկախ յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ իբրեւ յանձնախումբի ելեւմտական հարցերու խորհրդատուական եւ հաշուապահական հիմնարկ ընտրած է «Սատ-Վալասքեզ-Հիկաշի-Շամմաա» հիմնարկը:
Կլենտէյլ հաստատուած սոյն հիմնարկը ընտրելու որոշումը բացատրելով, Փասատինայի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբի ելեւմտական հարցերու գլխաւոր պատասխանատու Տէյվիտ Ճորճ Գէորգեան կը յայտնէ, թէ հիմնակը երկարամեայ փորձառութիւն ունի նման հարցերու մէջ եւ աշխատած է Կլենտէյլի ու Փասատինայի շարք մը կառավարական ու ոչ շահաբեր կազմակերպութիւններու հետ: Ան կը յայտնէ, թէ յանձնախումբին ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցած են հիմնարկի հիմնադիրներէն Ճան Էլ. Սատի հետ եւ լաւ տպաւորուած են հիմնարկին աշխատելաոճով:
Փասատինայի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբը աշխատանք կը տանի քաղաքին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան մը կառուցելու: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել 272 S. Los Robles Ave., Pasadena, CA 91101 հասցէին: