ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կազմակերպութեամբ Հայ կանանց միջազգային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ «Ուուտպըրի» համալսարանի ուսանողուհիներու «Ալֆա Կամա Ալֆա» ընկերակցութեան, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն սկս-եալ, նշեալ համալսարանի «Ֆլեչըր Ճոնզ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ 11րդ եւ 12րդ դասարաններու ուսանողներու յատուկ խորհրդատուական ձեռնակ մը, նպաստելու համար անոնց, որ ճիշդ ընտրութիւնները կատարեն իրենց ապագային վերաբերեալ:
Հրաւիրուած են շարք մը մասնագէտներ, որոնք խորհուրդներ պիտի տան համալսարանական իրենց ուսումը սկսելու պատրաստուող ուսանողներուն:
Մուտքը ազատ է եւ նախաճաշ ու ճաշ պիտի հրամցուի մասնակիցներուն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (310) 472-2454 եւ (714) 960-2318 թիւերուն կամ hyelil@aol.com եւ
Diana@hekimian.com հասցէներուն: