ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Խաչվերացի տաղաւար տօնին օրը՝ Կիրակի, Սեպտեմբեր 16ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ հիւրաբար պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան՝ իր ծննդեան 70րդ, քահանայական ձեռնադրութեան 35րդ եւ եպիսկոպոս օծման 30րդ տարեդարձներու ուրախ առիթներով: Ս. սեղանին պիտի սպասարկեն ծուխի հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան եւ սարկաւագները:
Արարողութեանց պիտի հանդիսապետէ նախորդ առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան, որ սրբազան հօր անունով հաւատացեալներուն պիտի ներկայացնէ պատարագիչ հիւր հոգեւորականը: Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի Անդաստանի արարողութիւն:
Ապա, ի պատիւ Աւագ արք. Ասատուրեանի, եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ, Իրաքահայ միութեան կազմակերպութեամբ տեղ պիտի ունենայ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որ կը վայելէ առաջնորդին բարձր հովանաւորութիւնը: Մանրամասնութեանց եւ տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել Խաչիկ Ճանոյեանին՝ (818) 326-4725, Ալիս Իսկէնտէրեանին՝ (818) 606-6606 կամ Մարալ Շահինեանին՝ (818) 314-4893 թիւերով: