
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Բաց երաժշտութեան ընկերակցութեան հիմնադրամը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարը Արամ Ղարաբէկեանն է, հրաւիրուած է պատրաստելու արուեստի իւրայատուկ ներկայացում մը, Սեպտեմբեր 20ին, Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունենալիք «Ինտեւըր» անջրպետանաւը դիմաւորելու արարողութեան ընթացքին:
Բաց երաժշտութեան ընկերակցութեան հիմնադրամէն աւելի քան 30 արուեստագէտներ կը մասնակցին այս ներկայացման պատրաստութեան, մօտէն գործակցելով Քալիֆորնիոյ գիտութեան կեդրոնին հետ, որ պիտի հիւրընկալէ անջրպետանաւը:
«Հպարտ եմ, որ նման տաղանդաւոր արհեստավարժներու հետ կ՛իրականանցնենք այս ծրագիրը», կը յայտնէ Արամ Ղարաբէկեան, որ կ՛ըունուի, թէ Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանին մէջ նման նախաձեռնութիւն մը իր հետ կը բերէ շարք մը մարտահրաւէրներ, որոնց հետեւանքով պարտաւորուած են «ոչ ուղղափառ» միջոցներու դիմելու:
Դիմաւորման արարողութիւնը կազմակերպողներուն համաձայն՝ մօտաւորապէս 300 պաշտօնատարներ հրաւիրուած են դիմաւորման հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ միջազգային լրատուական գործակալութեանց լուսարձակներուն տակ:
Ղարաբէկեանի կողքին, ներկայացման խմբակին գլխաւոր պատասխանատուներն ու անդամներն են՝ Այտա Ամիրխանեան, Ալինի Քութունեան, Քիթ Տիքսըն, Մարք Մարտոյեան, Ռաֆֆի Կանումեան, Արսինէ Շիրվանեան եւ Վարանդ Գիւրճեան:
25 տարիներու սպասարկութիւն մատուցած անջրպետանաւը, որ իր անջրպետային վերջին առաքելութիւնը իրականացուց 2011ին, Ֆլորիտայէն Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանին «Եունայթըտ» օդանաւային ընկերութեան վերապահուած տարածքը պիտի ժամանէ, ուր պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբեր 12, ապա հանգրուանաբար՝ վերջնականապէս պիտի փոխադրուի Լոս Անճելըս գտ-նուող Քալիֆորնիոյ գիտութեան կեդրոնը, ուր հանրութեան առջեւ ցուցադրութեան պիտի դրուի Հոկտեմբեր 30ին:
Բաց երաժշտութեան ընկերակցութեան հիմնադրամը ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է երաժշտութեան մարզին մէջ երիտասարդ տաղանդներ մշակել ու երաժշտութեան հանդէպ սէր սերմանել ժողովուրդին մօտ: Անոր մասին յաւելեալ մանրամասնութեան համար, այցելել
www.openmusicsociety.org կայքը: