Օգոստոս 15ին տեղի ունեցաւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի 2012-2013 կրթական տարեշրջանի վերամուտի արարողութիւնը: Տնօրէն Յակոբ Յակոբեան ողջունեց աշակերտներուն եւ ծնողներուն ներկայութիւնը եւ տեղեկութիւններ հաղորդեց վարժարանի կրթական ծրագիրի մասին:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ փոխ-տնօրէնուհի Մերի Սթիուըրթ: ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխնախագահ եւ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Սինան Սինանեան կատարեց պաշտօնական բացումը: Ապա, Շնորհք Ա. քհնյ. Տեմիրճեան, որ կը ներկայացնէր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, սրբազանին օրհնութիւններն ու սիրալիր ողջոյնները փոխանցեց բոլորին եւ յորդորեց ուսանողներուն, որ աչալրջութեամբ հետեւին իրենց դասերուն: Ան իր պատգամը աւարտեց «Պահպանի»չ աղօթքով:
Նոյն օրը, Փասատինայի ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի վերամուտի արարողութեան, առաջնորդը ներկայացուց Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանը: Բարի վերադարձի եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան աշակերտական խորհուրրդի նախագահ Արման Երճանեան եւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեան:
Տէր հայրը աշակերտներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ քաջալերեց զիրենք, որ ուշադրութեամբ հետեւին իրենց դասերուն եւ լաւապէս գնահատեն այն իրողութիւնը, որ իրենք հայ վարժարան կը յաճախեն եւ կը դաստիարակուին հայեցի մթնոլորտի մէջ: Ապա ան շնորհաւորեց տնօրէնուհին, ուսուցչական կազմը եւ հոգաբարձութիւնը եւ օրհնեց զիրենք «Պահպանի»չ աղօթքով: