ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ին, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ, նուիրուած բազմավաստակ լեզուաբան փրոֆ. Արտեմ Սարգսեանի ծննդեան 70ամեակին։ Սրահը լեցուն էր յոբելեանը յարգող հայորդիներով եւ մելգոնեանցի աշակերտներով։
Հանդիսավարն էր «Արփա» հիմնարկի տնօրէն Յակոբ Փանոսեան, որ բացումը կատարեց եւ կարդաց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական նամակը։ Ապա ան հրաւիրեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանը, աղօթքով սկսելու օրուան հանդիսութիւնը։
Սրբազան հայրը հոգեւոր առաքելութեամբ կը բացակայէր քաղաքէն։ Տէր հայրը իր սրտի խօսքէն ետք, կարդաց առաջնորդին շնորհաւորական նամակը: Միասնաբար արտասանուած «Հայր Մեր»ով սկսաւ օրուան հանդիսութիւնը։
Յոբելեարին կենսագրականը ընթերցեց «Նոր Օր» թերթի խմբագիր դոկտ. Մինաս Գոճայեան, որ հրաշալի կերպով վեր հանեց անոր կեանքի բազմաբեղուն գործունէութիւնը։ Այնուհետեւ ե-լոյթներ ունեցան յոբելեարին կինը՝ Ալինա Խաչատրեան, թոռնիկը՝ Ալինա Սարգսեան, երեք երգերով հանդէս եկաւ վաստակաւոր երգիչ՝ Ռազմիկ Մանսուրեան։ Հանդիսութիւնը եզրափակեց յոբելեարը՝ փրոֆ. Արտեմ Սարգսեան, որ կարճ, բայց բովանդակալից խօսքով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց առաջնորդին, ընտանիքին եւ ներկայ ժողովուրդին։
Հանդիսութենէն ետք, «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն։