«ԻՆՉՔԱՆ ԷԼ ՈՐ ԴԺՈՒԱՐ ԼԻՆԻ, ԴԻՄԱՑԷՔ…»
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մեր պատմութեան տաք փուլերուն, ծնունդ առած են ազգային ու մարտաշունչ երգեր, որոնք թէեւ կապուած են այս կամ այն հերոսամարտի կամ ազատամարտիկի անուան, սակայն նաեւ զգեցած են տուեալ ժամանակէն դուրս արձակուող տարածք, խորհրդանիշ դարձած են բոլոր ժամանակները մարմնաւորող մեր պայքարին, որ ամէն բանէ առաջ՝ գոյութեան պայքար է եղած, ամէնէն թանկագին ստացուածքները՝ կեանք ու քրտինքով ապահովուած ինչք պահպանելու պայքար։
Այսպէսով է, որ ծնած են Վարդանանց հերոսամարտին ու մեր ֆետայական շարժումին նուիրուած երգերը. նոյն աղբիւրէն բխեցան նաեւ աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ պայթած Արցախեան պայքարին նուիրուած երգերը։ «Եարի փոխան զէնք» գրկող, կամ ձմրան օրերուն՝ ձիւնածածկ լեռներու վրայ «մութ գիշերին» «փամփուշտները խաչկապ կապած» պտտող ֆետայիներուն նուիրուած երգերը երգեցինք նաեւ Արցախի քաջերուն ու նահատակներուն համար, ինչպէս որ երգած էինք Լիբանանի հայկական թաղամասերը, եւ այդ ճամբով՝ նոյնինքն լիբանանեան հայրենիքը պաշտպանող մեր անձնազոհ երիտասարդներուն մասին…
Արցախեան շարժումի օրերուն ծնունդ առած երգերէն մէկուն կրկներգը կը սկսի հետեւեալ տողով. «Ինչքան էլ որ դժուար լինի դիմացէք…»։ Այս պատգամը, որքան ալ որ Արցախի ազատամարտիկներուն նուիրուած էր տուեալ մասնայատուկ ժամանակին ու պայմաններուն մէջ, նոյնքան ալ հասցէագրուած է ոեւէ հայու կամ հայ հաւաքականութեան, որ տագնապալի վիճակի մատնուած է ու այդ տագնապին անմիջական ճնշումին տակ, կ՛ապրի անորոշութեան ու մտքի տատանումի պահեր։ «…Դիմացէք» պատգամը նոյն հնչեղութեամբ ուղղուած էր Արցախեան պայքարի սկսումէն աւելի քան տասնամեակ մը առաջ անստուգութեան մատնուած Լիբանանի հայութեան (երբ յիշեալ երգը չէր ալ ծնած տակաւին), անիկա այսօր նոյն տրամաբանութեամբ ուղղուած է Սուրիոյ մեր հայ գաղութի զաւակներուն, որոնք իրենց սուրիացի հայրենակիցներուն հետ միասին կ՛ապրին արաբական աշխարհին «պարգեւուած» դժոխքին նորագոյն փուլը։
Հայութիւնը անտարբեր չէ Սուրիոյ ու անոր ժողովուրդին բաժին ինկած ողբերգական իրադարձութեանց նկատմամբ։ Անտարբեր ու կրաւորական չենք, ո՛չ միայն այն պատճառով, որ Ցեղասպանութենէն ետք, Սուրիա ու արաբական այլ երկիրներ փրկարար դեր ունեցած են վերապրող հայութեան գոյատեւման մէջ, այլ նաեւ՝ որովհետեւ հայութիւնը, Սուրիոյ ու Լիբանանի արաբ ժողովուրդներուն պէս, ըմպած է թրքական զուլումին դառն բաժակները, բաժնեկից եղած է նոյն ջարդարարին «սխրագործութիւններուն» հետեւանքներուն, ջարդարար մը՝ որ այսօր, ազատարարի ու փրկարարի դիմակ հագած, հին ախորժակներով կը ներկայանայ արաբական աշխարհի հիւսիսային շրջաններուն, յատկապէս Իրաքի ու Սուրիոյ…
Թուրքիոյ շարժումները ղեկավարող ու անոր իբրեւ թէ «մարդասիրական նախաձեռնութիւնները» ծափահարող արեւմտեան աշխարհը կրնայ թզենիի տերեւներ փնտռել, քողարկելու համար այն ամօթանքը, որ այսօր կը ներկայանայ Սուրիոյ ժողովուրդին, ամբո՛ղջ ժողովուրդին վիճակուած ողբերգութեամբ, եւ որուն բնականաբար բաժնեկից է նաեւ այդ երկրին հայ քաղաքացիները, հպատակները, Գամիշլիէն մինչեւ Հալէպ, Դամասկոսէն մինչեւ Լաթաքիա ու Քեսապ։
Թզենիի ամէնէն տարածուն տերեւն ալ անկարող է ծածկելու այն յերիւրանքները, որոնց խորագիրին տակ կը հրահրուին զինեալ դէպքերը, կը կատարուին բացայայտ ու քողարկուած միջամտութիւնները։ Հարց տանք. աշխարհի մէջ կա՞յ արդեօք երկիր մը, որուն իշխանութիւնը իր ընթացքէն դժգոհներ չունի…։ Այլապէս, ինչի՞ արտայայտութիւն են Միացեալ Նահանգներու «Գրաւում»ի շարժումները, Յունաստանը, Սպանիան ու դեռ, եւրոպական այլ երկիրներ պայթուցիկ վիճակի մատնող ցուցական ու արիւնալի ցոյցերն ու շարժումները։ Պետական իշխանութեանց վարմունքէն դժգոհներու դիմաց՝ միակ ընտրանքը պէտք է ըլլան, ուրեմն, քանդիչ պատերազմնե՞ր ու բազմահազարներու կեանքերուն հո՞ւնձքը, եւ նման շարժումներ սանձարձակ քաջալերա՞նք գտնեն «ձեռքը հասնողին» կողմէ…
Իրա՛ւ. այլեւս ո՞վ կրնայ հաւատք ընծայել այն հաւաստիքներուն, որոնք կ՛արձակուին իշխանափոխութեան դրօշին տակ, երբ նախընթաց փորձառութիւնները փաստած են ճիշդ հակառակը. Սատտամ Հիւսէյն (ոչ միակը նախկին իշխանաւորներէն) այսօր այլ աշխարհ գացած է, սակայն իրաքցի ժողովուրդին առօրեայ սպանդը կը շարունակուի «ներքին հակամարտութիւններ»ու անուան տակ. ամերիկեան բանակներու հեռացումը ոչինչ փոխած է անապահովութեան ու ամենօրեայ ռմբահարումներու մթնոլորտէն, մինչեւ իսկ ազդու խաղաքարտի չվերածուեցան նախագահական ու այլ ընտրապայքարներու մէջ (հաւանաբար նախատեսուած շահերը ապահովողներուն համար շահեկան չէ նման օգտագործում)։
***
Դժուար պայմաններու մատնուած է Սուրիոյ բնակչութիւնը, ներառեալ հայութիւնը։
Իշխանութեան եւ ընդդիմադիրներու միջեւ աւելի քան մէկ ու կէս տարի առաջ սկիզբ առած հակամարտութիւնը շատոնց դուրս եկած է իր սկզբնական հունէն, երկիրը մատնած է աւերումի ու սպանդի վիճակի, ուր անիշխանական կացութիւնը դուռը լայն բացած է աւազակութեան ու ոճրային անհակակշիռ արարքներու դիմաց։ Լիբանանի տասնհինգամեայ տագնապը, անոր ամէնէն ահաւոր «սխրագործութիւնները» համտեսած լիբանանցիք, ներառեալ Լիբանանի հայութիւնը, շատ լա՜ւ գիտեն, թէ ի՛նչ կը նշանակեն վատ արձակազէն, տմարդի կոյր ռմբակոծումներ, արտաքին հաշիւներու եւ քմայքներու կամակատարութիւն, եւ այս բոլորին զուգահեռ՝ ապրուստի պայմաններու չարաշահում, տնտեսական-ընկերային պայմաններու անկում։ Լիբանանցիք, նաեւ Լիբանանի հայութիւնը աւելի քան 15 տարի ապրեցան դժոխային պայմաններու մէջ. առաւօտուն, տունէն դուրս եկողը ու հացի ճամբան հետապնդողը տարիներ շարունակ դիմացաւ ու տոկաց, առանց վստահ ըլլալու, թէ երեկոյեան ողջ-առողջ պիտի կարենա՞յ տուն դառնալ։ Կործանարար հրթիռներ, ռումբեր, ոչ մէկ նպատակ իրականացնող բախումներ քար ու քանդ ըրին Պէյրութի կեդրոնական թէ այս կամ այն կողմի թաղամասերը. «Սահմանագիծեր»ը, աւերակոյտերով շրջապատուած, վերածուեցան արեւադարձային երկրամասեր յիշեցնող անտառիկներու (պուրակ բառին կ՛ուզենք խնայել)։ Այդ բոլորը ապրող լիբանանցին ու լիբանանահայը այսօր ամենածանր զգացումներով ու խոր դառնութեամբ «կը վերապրին» նոյն տաժանքները, ի տես Հալէպի, Դամասկոսի մէջ ու այլուր տեղի ունեցող դաւադիր ռմբահարումներուն, կոյր ռմբակոծումներուն, արձակազինութիւններուն, որոնք կը խլեն անմեղ զոհեր, ու մտածումը կը կրկնուի ամէն օր. «Թող բնակչութեան խնայուին անասելի ողբերգութիւնները, որովհետեւ նման իրադարձութիւններէ շահողներ դուրս չեն գար, այլ կ՛ըլլան մեծ ու փոքր վնասողներ-վնասուողներ»։ Լիբանանցիք ու լիբանանահայը գիտեն ու չեն կրնար մոռնալ, թէ անիշխանականութիւնը ինչպիսի՜ ազատութիւններ ընծայեց ոչ մէկ «կողմ»ի պատկանող աւազակախումբերուն, երբ այսօր, գրեթէ նոյն պայմաններուն մէջ ամբողջ թաղամասեր ու արհեստանոցներ ազատ ձգուած են անիշխանականութենէն օգտուող գող-աւազակներու առջեւ, մէկ անուն ունեցող չարաշահութիւնը կիրարկում կը գտնէ հազար տարբերակով, քաղաքացիք բռնի կամ զինեալ բախումներէ հալածական կը ստիպուին լքել իրենց բնակարաններն ու ապաստանիլ ապահով նկատուած վայրեր, մինչեւ իսկ կը հեռանան երկրէն, առանց վստահ ըլլալու, որ բարիքի խոստումներով շղթայազերծուած զարգացումները առիթ պիտի տա՞ն վերադառնալու բնակավայր-արհեստանոց-խանութ, թէ՞ կեանքի տեւողութեամբ ձեռք բերուած տարրական ապահովութիւն, կեանքի-ապրուստի միջոցներ պիտի ջնջուին անհետ…
Այս դառն իրականութիւնները ընդունելով հանդերձ, ու անգամ մը եւս հաստատելով, թէ կեանքը ամէնէն սուղ ու անկրկնելի ստացուածքն է մարդուս, «Ինչքան էլ որ դժուար լինի, դիմացէք»ը այժմէական երգ է սուրիացի ճակատագրակիցներուն համար։
Ողջ հայութիւնը, մայր հայրենիքին մէջ ու աշխարհի տարածքին, կ՛ապրի հայութեան մարմինին սուրիական մասը ցաւցնող վէրքին դառնութիւնը եւ գործնապէս պիտի ապացուցէ, որ միահամուռ կեցուածքով աջակից է Սուրիոյ հայութեան, որ արդէն դժնդակ պայմաններու մէջ ու անձնազոհութեան գնով, միացուցած է իր շարքերը, մէկտեղած է յարանուանութեանց ու միութեանց ճիգերը, եւ վտանգալից պայմաններու մէջ կը կազմակերպէ անձկութեան մատնուածներուն օժանդակութիւնը։
Ասկէ անդին, հաւանաբար անհամ քարոզի հնչեղութիւն պիտի ստեղծուի, եթէ վերահաստատենք, որ երկրի մը բարեկարգումն ու զարգացումը չեն կրնար իրականացուիլ արտաքին հաշիւներու քմայքով, արտաքին թելերէ կախուելով, Թուրքիոյ պէս անբարունակ անցեալով օժտուած երկրէ մը հասած «բարիքներով», որովհետեւ այդ թելերը քաշողները, տեսանք, ինչպիսի՜ դիւրութեամբ ու քմայքով «ծախեցին» տասնամեակներու հռչակեալ դաշնակիցներն ու գործակիցները։
9 Սեպտեմբեր 2012