
ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱ.- Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ «Կամք» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100ամեակի տօնակատարութիւնները սկսան Ուրբաթ, 7 Սեպտեմբերին, երբ վաղեմի պատմութիւն ունեցող մարզական ակումբը հիւրընկալեց աւանդական դարձած եռօրեայ եգիպտահայ պասքեթպոլի մրցաշարքը:
«Մեծ ուրախութեամբ եւ անսահաման հպարտութեամբ կը տօնենք մեր ակումբի 100րդ տարեդարձը: ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի 95 մասնաճիւղերուն մէջ ՀՄԸՄ «Կամք»ը առաջին ակումբն է, որ 100ամեակ կը նշէ», կը յայտնէ ակումբի փոխատենապետ Պերճ Միսքճեան:
Մրցաշարքին մասնակցեցան եգիպտահայ հինգ մարզական ակումբներ: Երեկոյեան ժամը 6ին դաշտատէրերը հանդիպեցան «Ս. Թերեզա» ակումբին մէջ, մինչ ժամը 9ին՝ Գահիրէի ՀՄԸՄ «Նուպար»ը մրցեցաւ Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ «Նուպար»ին հետ:
Մրցաշարքը կայացաւ հովանաւորութեամբ Եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի եւ նախագահութեամբ Նուպար Լէյլէկեանի:
ՀՄԸՄ «Կամք»ը հիմնադրուած է Օգոստոս 28, 1912ին՝ «Կամք Մարմնամարզական Ակումբ» անունով: Սկաուտական շարժումի կողքին ունեցած է ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ աթլեթի խումբեր: 1974ին «Կամք»ը միացած է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) աշխարհատարած մեծ ընտանիքին եւ կոչուած է՝ ՀՄԸՄ «Կամք»: