
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 8 տարեկանէն վար տարիքային բաժինին մէջ Լիբանանի ախոյեան հանդիսանալէ ետք, վարժարանի աշակերտուհի Նանօր Առնելեան մասնակցած է Ճատրակի միջերկրականեան 4րդ խաղերուն: Մրցումները տեղի ունեցած են 28 Օգոստոսէն 3 Սեպտեմբեր, Յունաստանի մէջ:
Իր տարիքի եւ իր տարիքէն աւելի մեծ խաղացողներու դէմ 9 անգամ մրցելէ ետք, Նանօր ապահոված է 4 կէտ եւ հանդիսացած Ճատրակի միջերկրականեան ախոյեան: