ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 9ի գիշերը Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի եւ գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանի, այցելութիւն մը տուաւ ասորիներու Զագգա Ա. պատրիարքին, Աթշանէի ասորական վանքին մէջ: Պատրիարքը առողջական նպատակով երկու ամիսէ ի վեր կը գտնուէր Գերմանիա եւ ապաքինման շրջան մը պիտի անցընէ Լիբանանի մէջ: Վեհափառ հայրապետը իր շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքները ներակայացուց պատրիարքին: Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ ասորի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու ներկայութեան՝ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու հայ եւ ասորի եկեղեցիներու յարաբերութիւնը ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
The title seems to belong to another story. Otherwise, it has nothing to do with this story.