ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս ծանօթ է, Արամ Ա. կաթողիկոս 2012 տարին ձօնած է Հայ Գիրքին, հետեւաբար, բոլոր թեմերուն նման, Արեւմտեան թեմը եւս կ՛ընդառաջէ այս կոչին ու յատուկ ճիգ ի գործ կը դրուի, վեր առնելու Հայ Գիրքին արժէքն ու տեղը՝ մեր ազգային կեանքէն ներս, նոր սերունդի հայեցի աճումին ի նպաստ։
Ծխական շրջաններուն ու Ազգ. առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ, Հայ Գիրքին նուիրուած ձեռնարկներուն ու մշակութային հանդիպումներուն զուգահեռ, առաջնորդարանը, տնօրինութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ գործակցութեամբ Ազգ. վարչութեան, նախաձեռնած է գործնականապէս գիրքերու հրատարակման աշխատանքներու։
Տարեսկիզբին, լոյս տեսաւ բազմավաստակ դաստիարակ Կարօ Պետրոսեանի «Հայեցի Կրթութիւն եւ Ճանապարհ» հատորը (որուն ողջունահանդէսն ալ կազմակերպուեցաւ առաջնորդարանի յարկին տակ)։ Գործակցաբար նոյն հեղինակին հետ, շուտով պիտի վերահրատարակուի «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Տօներ եւ Ազգային Աւանդութիւններ» հատորը (առաջին հրատարակութիւնը եւս լոյս տեսած էր առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ)։ Զուգահեռաբար, առաջնորդարանը դարձեալ պիտի գործակցի բանաստեղծ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի հետ, լոյս ընծայելու համար Հայ Գիրքին ու մայրենիին նուիրուած բանաստեղծութիւններու հատորիկ մը, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութիւններ ու յուշագրական էջեր ընդգրկող հատոր մը։ Յիշեցնենք, որ առաջնորդարանը անցեալ տարիներուն հովանաւորած է բանաստեղծին մէկէ աւելի հատորներուն հրատարակութիւնը։
Առաջնորդարանը այս հրատարակութիւններով ոչ միայն գործնապէս ընդառաջած կ՛ըլլայ վեհափառ հայրապետի կոչին, այլ նաեւ հայեցի ու հայաշունչ ընթերցումի վայելք կը խոստանայ մեր ընթերցողներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.